ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հանգուցեալ լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած լուսանկարչական երկրորդ մրցոյթը այս տարի տեղի ունեցաւ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով մասնաւորապէս բնապահպանական զգայնութիւններու վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիքոլաս Մանկինաս Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի պաշտօնական լուսանկարիչն էր եւ երկու տարի առաջ իր կորուստը ստեղծած էր մեծ ցաւ։ Իր յիշատակը վառ պահելու համար նախաձեռնուած է տարեկան լուսանկարչական մրցոյթի մը կազմակերպման։ Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու առաջնահերթութիւններն էին ահագնացող ապականումը, ուժանիւթի միջոցներու նուազումն ու բնական աղէտները, արհեստագիտութեան արկածները եւ պատերազմները։

Այս տարուան մրցոյթին աշխարհի 8 երկիրներէ 307 լուսանկարիչ մասնակցեցաւ՝ ընդհանուր առմամբ 1068 դրուագով։ Դատակազմին մէջ էին յայտնի անուններ. ինչպէս՝ Ճոշքուն Արալ, Մկրտիչ Արծիւեան, Մարիլենա Սթաֆիլիտոյ, Էմինէ Իւլքերիմ, Օսքար Ֆուչս, Եաննիս Սուլիս, Նիքոս Թասերիս։ Առաջին մրցանակին արժանի դասուեցաւ Հնդկաստանէն՝ Փրանապ Պասաք։ Երկրորդ մրցանակին արժանի դասուեցաւ Թուրքիայէն՝ Մուրատ Պաքմազ։ Երրորդ մրցանակին արժանացաւ նոյնպէս Թուրքիայէն՝ Ալէատտին Շէնոլ։ Մանսիոնի արժանի նկատուեցան Թոկայ Էրոլ, Մուրատ Շէնկիւլ եւ Ֆաթիհ Սապունճու։ Յայտնի լուսանկարիչ Իզզէթ Քեհրիպարի անուան պատուոյ մրցանակին ալ տիրացաւ Պանկլատեշէն՝ Քազի Ճահիրուլ Իսլամ։ Մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Պոմոնթիատա»ի համալիրէն ներս Արա Կիւլէրի թանգարանի երդիքին տակ։ Ներկայ գտնուեցան հոգելոյս Նիքոլաս Մանկինասի բազմաթիւ բարեկամները, Ֆէնէրի Պատրիարքարանէն դիւանապետ Կրիկորիոս Ֆրանկաքիս, Յունաստանի բնական աղէտներու գծով պետական նախարար Խրիստոս Թրիանտոփուլոս, Ենիգիւղի Յունաց Փանայիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս եւ գործակից ընկերները եւ այլ հիւրեր։

Մրցանակաբաշխման հանդիսութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Իվոնի Վինկասի եւ Յունաստանէն՝ լրագրող Սոթիրիս Փոլիցոսի։

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023