ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՂԱՂԱԿՈՎ՝ ՅԱՆՈՒՆ ԿԵԱՆՔԻ

Բարեբաստիկ տօները Արցախ աշխարհը անցուց պաշարման տակ։ Մարդկային նուազագոյն պէտքերու պակասի խնդիրը՝ լափլիզող եւ հրակրակ լեզուով հրէշի մը պէս կը մեծնայ մեր աչքերուն։ Մինչ արցախցիք ամբողջապէս կտրուած կը մնան ցամաքային միակ ճանապարհէն, անդին Երեւանէն ի գործ դրուած բոլոր մակարդակի՝ ճանապարհը բանալու միտուած ճիգերը կը շարունակեն մնալ ապարդիւն։

Ճիշդ է, որ Կարմիր խաչը ամբողջական ներուժը կը դնէ գէթ ապահովելու համար Արցախէն դէպի Հայաստան ելքը այն պարագաներուն, որոնք առողջական յատուկ խնամքի կը վերաբերին։ Բայց եւ այնպէս, գալիք օրերուն կապուած մեծ հարցականները կը շարունակեն մնալ գերակշիռ։

Ինչպէ՞ս պիտի հանգուցալուծուի մարդկային այս մեծ տագնապը եւ, խորքին մէջ, ի՞նչ բնոյթ ունին Ատրպէյճանի կողմէ սեղանին վրայ դրուած հիմնահարցերը. տակաւին յստակ չէ։

Յստակութեան մեծ պակասը կապուած է՝ մանաւանդ հայկական կողմին հետ։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի պատասխանատուները ցարդ յստակօրէն չեն յայտարարած, թէ իրական գետնի վրայ ի՞նչ տեսակի բանակցութիւններ կ՚ընթանան մէկ կողմէ Ստեփանակերտի եւ միւս կողմէ Լաչինի միջանցքը փակած Պաքուին միջեւ։ Ճիշդ է, որ նոյն այդ բանակցութիւններուն հիմնական համակարգողը Ռուսաստանն է, բայց եւ այնպէս, խնդրոյ առարկան կամ կեանքի ճանապարհէն ամբողջապէս զրկուած ու տուժած կողմը ամբողջ հայութիւնն է։

Կայ նաեւ պատկեր մը, որ առաւելապէս կը խօսի վիճակի մը մասին, ըստ որուն, ատրպէյճանցիներուն վարքը վնաս չի բերեր ռուս խաղաղապահներուն, որոնք արդէն մէկ ամիսէ ի վեր հանդէս կու գան դիտորդի «անպիտան» դերով մը։

Անշուշտ, հայութեան մասին դիտարկում մըն է, որ այս փուլի ընդհանուր իրավիճակէն ամբողջ հայութիւնը կը տուժէ՝ ուր որ ալ գտնուի. Արցախի, Երեւանի, Կիւմրիի կամ նոյնիսկ հեռաւոր սփիւռքի ամենախուլ անկիւններուն մէջ։ Հարցը հռետորական չէ, անշուշտ, այլ կենսական հարցադրում մըն է՝ մանաւանդ, որ հացի եւ պարէնի խնդիրէն անդին, ամբողջ հայութիւնը մատնուած է տագնապահար վիճակի մը. տագնապահար՝ համընդհանուր անգործութեան կամ տուեալ խնդրին որեւէ լուծում ձեւաւորելու անկարողութեան համար։ Բաց աստի, նաեւ տագնապահար՝ զիրար մեղադրելու, սխալները իրարու վրայ նետելու, զիրար հարուածելու եւ միայն ու միայն մեղաւոր փնտռելու գործին դիմաց։ Տագնապահար, որովհետեւ բոլորս ամէն ինչ գիտենք, բոլորս ճիշդը գիտենք, բոլորս ըսելիք ունինք եւ բոլորս կը հաւատանք, որ մե՛նք ենք ճիշդը։

Ու այս համընդհանուր մերկութեան եւ տագնապին մէջ ամենամեծ վիհը կը խորանայ, երբ զիրար քննադատող եւ զիրար խաղի բերող կամ նոյնիսկ հարցերը մէկ անձի, մէկ կողմի, մէկ անունի համար «անկիւն մը ստեղծող» մօտեցումները կը դառնան աւելի ուռուցիկ, աւելի անհեթեթ եւ աւելի լեղի։ Արիւնահոսութիւնը մէկդի դրած՝ մենք վազքի ելած ենք։ Մեղքը կը վազէ մեր առջեւէն, իսկ մենք կը փորձենք այդ մեղքի լաթը «բռնել» ու շպրտել միւսին վրայ։ Մեծ պատերազմի կը սպասենք, որպէսզի միաւորման թելը բռնենք։ Մեծ աղէտ կը նախատեսենք, որպէսզի պատմութեան կարմիր թելը շօշափենք, սակայն, կը մոռնանք, որ ճիշդ այս պահուն, այո՛, այս պահուն հարիւր եւ քսան հազար հայեր կը գտնուին իսկական պաշարումի մէջ։

Ի՜նչ խօսք, կան միջազգային մեծ խաղերու առանցքները, կան նաւթի, կազի կամ նոյնիսկ հանքի մաքուր կամ կեղտոտ հանգոյցները, բայց, այս բոլորէն առաջ, այս բոլորէն շատ կանուխ կայ մեր ամենաթողութիւնը։ Մեր անհոգութիւնը, պարծենկոտութիւնը եւ գիշեր-ցերեկ յաղթանակած ըլլալու մասին սուտ վերագրումները. վերագրումներ, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը հալածեն մեզ, մինչեւ այսօր ալ կ՚ալեկոծեն մեր հոգին եւ ամենակարեւորը, վերագրումներ, որոնք մինչեւ հիմա ալ մեզի հաւատալ կու տան, թէ այս տեղանքին մէջ, այս տարածքին վրայ, այստեղ՝ այս Կովկասին մէջ մենք առանձին պիտի ապրինք։

Առանձին ենք օրէն ի վեր եւ առանձին ալ կառուցած ենք մեր «կայսրութիւն»ը։ Ի՜նչ խօսք, մեզի համար այս փոքրիկ Հայաստանն ալ կայսրութեան ներուժ ունի։ Բայց խորքին մէջ այդպէս չէ. խորքին մէջ մենք իսկապէս եւ հաստատաբար թերացած ենք։ Քնացած ենք շատ երկար եւ կեանքի ու պատմութեան մեր գլխուն ուղղուած սեւ սլաքները չեն կարողացած մեզ դուրս բերել այդ ամեհի թմբիրէն։ Եւ գուցէ այս ամենաթողութեան, այս տկարութեան, այս մեղքին ու վիհին մէջ իյնալու պահն է, որ կարող է մեզ դարձեալ ոտքի հանել, մեզ ուշքի բերել, մեր մէջքը շտկել ու մեզի բանալ նոր ճամբայ մը՝ դէպի փրկութիւն։

Մենք յաղթանակ պիտի չփնտռենք, որովհետեւ յաղթանակը սուտ է։ Յաղթանակը ոչինչով կորիզ մըն է եւ նոր պարտութեան մը սկիզբն է։ Մեզի համար պէտք է ապրիլ, արժանապատիւ ապրիլ՝ մեր ձայնով, մեր տեսակով, մեր երգով, մեր ճիչով։ Իսկապէս ապրիլը, խօսիլը, լսելը, ականջ տալը, նայիլը, թէ մեր շուրջ ի՞նչ կը կատարուի եւ ինչպէ՞ս կը կատարուի եւ այդ բոլոր ընթացքներուն մէջ մենք ի՞նչ ձեւաչափերով, ի՞նչ ձեւերով եւ ի՞նչ շունչով կ՚արարենք։

Ի վերջոյ, մենք մահէն դուրս ելած ժողովուրդ ենք, արարող ենք, սիրող ենք եւ ստեղծագործ։ Միայն թէ իմանանք, որ ի՞նչ ուղեծիրի վրայ ենք եւ ատկէ ետք ամէն բան իր հունին մէջ կը մտնէ. հուն, որ շարադրութեան կարիք չունի, ո՛չ ալ ցաւի, ո՛չ ալ արեան, ո՛չ ալ գերեզմանի, այլեւ՝ միայն կեանքի։

Յանուն կեանքի է այդ խօսքը եւ մենք պարտաւոր ենք պատմութենէն մեզի հասած մեծ աղաղակը եւ մեծ ձայնը լսելու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023