ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՄԱՄԼՈՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ

Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ առաւօտ համախմբուեցաւ մամլոյ սպասաւորներու խումբի մը հետ։ 10 յունուարի Գործող լրագրողներու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութեանց մամլոյ ներկայացուցիչներ։ Քաղաքապետ Շահան նախաճաշի սեղանի մը շուրջ հիւրընկալեց լրագրողները, որոնց շարքին էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։

Ռեսուլ Էմրահ Շահան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին կանգ առաւ քաղաքապետարանի գործունէութեան եւ աշխատանքային սկզբունքներուն վրայ։ Նկատի ունենալով, որ Շիշլին Իսթանպուլի փոքրամասնութիւններով ամենաբազմութիւն գաւառակն է՝ իր պատգամներ մէջ ուշագրաւ էին քաղաքապետարանի գործունէութեան ոգիին եւ սկզբունքներուն վերաբերեալ բանաձեւումները։ Քաղաքապետ Շահան լրագրողներուն առջեւ խորհրդածութեան ժամանակ միշտ հանդէս եկաւ համակեցութեան դիրքերէ։

Հուսկ, Շահան շնորհաւորեց ներկաներու մասնագիտական օրը եւ հաւաքոյթը աւարտին հասաւ նկարահանումով։ Նախաճաշը կազմակերպուած էր Շիշլիի քաղաքապետութեան ենթակայ՝ Մաչքայի պսակադրութիւններու համալիրի յարակից սրահներէն մէկուն մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2025