«ԱՒԵԼԻՆ՝ ԱՒԵԼԻԻ ԴԻՄԱՑ»
Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալշթրէօմ երէկ աւարտեց դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութիւնը։ Իր շփումներուն շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Վալշթրէօմ քննարկեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով Հայաստան-Շուէտ համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Քննարկուեցան Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն համար Շուէտի աջակցութեան հնարաւորութիւնները, կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային զարգացումներուն եւ մարտահրաւէրներուն, միջազգային արդի խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ։ Սերժ Սարգսեան հանգամանօրէն ներկայացուց այս բոլորին վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումները՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն վրայ։
Զրուցակիցները երկուստեք բարձր գնահատեցին վերջին շրջանին նկատելիօրէն աշխուժացած հայ-շուէտական քաղաքական երկխօսութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ ներկայիս Շուէտ Եւրոպայէ ներս Հայաստանի կարեւոր ու վստահելի գործընկերներէն մին է։
Իր կարգին, Մարկոթ Վալշթրէօմ ընդգծեց, որ լաւ հարթակ մը ձեւաւորուած է երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու ու խորացնելու համար։ Ան իր երկրին կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու համար Հայաստանին՝ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ։ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ձեռնարկուած համապարփակ բարեփոխումները իշխանութիւններուն կողմէ կը դիտարկուին որպէս երկրի յառաջընթացին ու զարգացման տեսակէտէ կարեւոր գրաւական ու մեծապէս կը գնահատուին Եւրոմիութեան գործընկերներու աջակցութիւնը այդ ուղղութեամբ։ Անդրադառնալով Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան՝ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Շուէտ՝ որպէս բարեկամ երկիր, ունի զգալի դերակատարութիւն անոնց ամրապնդման ուղղութեամբ։ Վալշթրէօմ վստահեցուց, որ Հայաստան յառաջիկային եւս կրնայ ապաւինիլ Շուէտի աջակցութեան եւ համոզուած ըլլալ, որ իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ է՝ որպէս ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան եւ այս տարածքաշրջանի բարեկամ-ջատագով։ Վերոյիշեալ ձեւաչափով համագործակցութիւնը հիւր նախարարին կողմէ նկատուեցաւ նաեւ երկկողմանի կապերը ամրապնդելու յաւելեալ հնարաւորութիւն։
Զրոյցին ներկայ էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Մինչ այդ, Վալշթրէօմ եւ Նալպանտեան կարեւոր պատգամներ փոխանցեցին նաեւ իրենց համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Հիւր նախարարը դիտել տուաւ, թէ Սթոքհոլմ կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման։ Իր կարգին, Նալպանտեան շեշտեց, որ առկայ կարգավիճակի պահպանման առաջին պատասխանատուն նոյնինքն Ատրպէյճանն է, որովհետեւ այդ կարգավիճակը կարելի է փոխել բանակցութիւններու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման միջոցաւ։ «Պաքու բազմիցս կ՚օգտագործէ միջազգային յարաբերութիւններու ոգիին անյարիր արտայայտութիւններ՝ ուղղուած եռանախագահներուն ու բոլոր անոնց, որոնք կը յանդգնին յայտնել կարծիք մը, որ չի համընկնիր իր պաշտօնական տեսակէտներուն», ըսաւ ան։
Երկու նախարարները կանգ առին երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման երեւոյթին վրայ։ Անոնք համաձայնագիր մը կնքեցին, որպէսզի երկու երկիրներուն միջեւ բացառուի գոյքի եւ եկամուտի կրկնակի հարկումը։ Ընդգծուեցաւ, որ Երեւանի եւ Սթոքհոլմի համագործակցութիւնը կը խորանայ զանազան ուղղութիւններով։
Մարկոթ Վալշթրէօմ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան անդրադառնալով նշեց, որ իր երկիրը այդ մէկը կը տեսնէ «աւելին՝ աւելիի դիմաց» յարաբերութիւններու տեսքով։ Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ յիշեցուց, որ Հայաստան շահագրգռուած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ Մարդու իրաւանց գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծով, այդ ծրագրի նախաձեռնող երկիրներէն Շուէտի արտաքին գործոց նախարարին պատգամները կը փոխանակէին ուշագրաւ երանգներ։ Այսպէս, ԵՄ բարեփոխումներով կը պայմանաւորէ Հայաստանին ի նպաստ ցուցաբերուելիք աջակցութեան չափը։