«ՓՈՐԹԱԳԱԼԵԱՆ ԴԱՐ»

«Փոր­թա­գալ» գե­ղա­րուես­տի տան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ հա­ւա­քոյթ մը։ Իր գո­յու­թեան 100-ա­մեա­կը բո­լո­րած «Փոր­թա­գալ» հաս­տա­տու­թիւ­նը Թուր­քիոյ մէջ ու­նի ե­զա­կի դիրք մը։ Փոր­թա­գալ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը սե­րուն­դէ սե­րունդ յա­ռաջ տա­րած են այդ ա­ւան­դը, իսկ այ­սօր հաս­տա­տու­թիւ­նը իր խոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով ու ե­զա­կի ժա­ռան­գու­թիւ­նով մեծ հռչակ եւ վարկ կը վա­յե­լէ, ինչ­պէս Թուր­քիոյ մէջ, այն­պէս ալ՝ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։

Հաս­տա­տու­թեան ներ­կայ սե­փա­կա­նա­տէրն է Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ, որ Թուր­քիոյ մէջ իս­կա­պէս հե­ղի­նա­կու­թիւն մը կը նկա­տուի ա­ճուրդ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ան իր հան­գու­ցեալ հօր՝ Ա­րէտ Փոր­թա­գա­լի կող­մէ դրուած հիմ­քե­րուն վրայ զար­գա­ցու­ցած է աշ­խա­տան­քը ու ներ­կա­յիս իր դստեր՝ Մա­յա Փոր­թա­գա­լի հետ կը գոր­ծակ­ցի ա­ճուրդ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ Սե­րունդ­նե­րու այս յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան ամ­բող­ջէն ներս Փոր­թա­գալ ըն­տա­նի­քը ներ­կա­յիս կ՚ապ­րի նաեւ ար­տա­սո­վոր եր­ջան­կու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ հա­զիւ թէ քա­նի մը շաբ­թուան ըն­թաց­քին Մա­յա Փոր­թա­գալ լոյս աշ­խարհ պի­տի բե­րէ դուստր մը։

Թէ՛ «Փոր­թա­գալ» հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նը եւ թէ մօ­տա­լուտ ծննդա­բե­րու­թիւ­նը ար­դէն բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով հա­մա­կած են Փոր­թա­գալ ըն­տա­նի­քը։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, հաս­տա­տու­թեան Նշան­թա­շըի կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին վե­րո­յի­շեալ հան­գա­մանք­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին ներ­քեւ ներ­կա­նե­րը ու­րա­խա­կից ե­ղան Փոր­թա­գալ ըն­տա­նի­քին։

Խոր­քին մէջ այս հա­ւա­քոյ­թը գրքի շնոր­հան­դէս մըն էր։ Ար­դա­րեւ, «Տո­ղան» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը «Փոր­թա­գալ» հաս­տա­տու­թեան 100-ա­մեա­կին առ­թիւ լոյս ըն­ծա­յած էր չորս գիր­քեր՝ «Կա­րան­թի» դրա­մա­տան ա­ջակ­ցու­թեամբ։ «Փոր­թա­գա­լեան դար» կո­չուած այս հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շար­քը կու գար նաեւ ցո­լաց­նել հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րը, նաեւ վե­րար­ժե­ւո­րել ա­նոր բո­լո­րած ու­ղին։

Յի­շեալ գիր­քե­րու ա­ռա­ջի­նը կը կո­չուի «Օս­ման Համ­տի պէյ. տպա­ւո­րու­թիւն­ներ», որ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տուած է պատ­մա­բան Էթ­հէմ Էլ­տէ­մի կող­մէ։ Նկա­րիչ, հնա­գէտ եւ Իս­թան­պու­լի Հնա­գի­տու­թեան թան­գա­րա­նի հիմ­նա­դիր Օս­ման Համ­տի պէ­յի ձե­ռա­գիր գծան­կար­նե­րէն եւ օ­րագ­րու­թե­նէն բաղ­կա­ցեալ եր­կու տետ­րակ­նե­րու հա­մադ­րու­թիւնն է այս գիր­քը։ Այդ եր­կու տետ­րակ­նե­րէն մին կը գտնուի Րաի­ֆա Ա­քա­րի, իսկ միւ­սը՝ Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գա­լի մօտ։ Էթ­հէմ Էլ­տէմ այդ եր­կու­քը հա­մա­տե­ղե­լով եւ ա­նոնց տա­ռա­դար­ձու­թիւն­ներ ա­ծան­ցե­լով ա­պա­հո­ված է ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծի մը հրա­տա­րա­կուի­լը։

Վո­լա­րի «Պաս­տա­ռի վա­ճա­ռո­ղի մը յու­շե­րը» գիրքն ու Ս. Ն. Պե­հըր­մա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած «Տիւ­վէն. հնա­վա­ճառ­նե­րու ռահ­վի­րան» գոր­ծը այս չորս գիր­քե­րու միւս եր­կու հա­տոր­նե­րը կը հան­դի­սա­նան։

Չոր­րորդ գիր­քի հե­ղի­նակն է յայտ­նի գրող Է­նիս Պա­թուր։ Այս գիր­քը կը կո­չուի «Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ. Փոր­թա­գա­լի դա­րը»։ Թէ՛ Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գա­լի հետ կա­տա­րուած եր­կա­րա­շունչ հար­ցազ­րոյ­ցի մը եւ թէ բազ­մա­թիւ տուեալ­նե­րու հա­մա­տե­ղու­մով պատ­րաս­տուած գործ մըն է այս մէ­կը, որ կը ցո­լաց­նէ Փոր­թա­գալ ըն­տա­նի­քին ան­ցեալն ու հա­մա­նուն հաս­տա­տու­թեան պատ­մու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ «Փոր­թա­գալ» հաս­տա­տու­թեան 100-ա­մեա­կի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու շրջա­նին կա­տա­րուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւի­րուած էր նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­կազ­մէն պատ­մա­բան Տքթ. Այ­լին Գօ­չու­նեան։ Այս վեր­ջի­նը ծա­ւա­լուն հե­տա­զօ­տու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էր այդ շրջա­նին եւ ար­դիւնք­նե­րը յանձ­նած՝ «Փոր­թա­գալ» հաս­տա­տու­թեան։ Է­նիս Պա­թու­րի հե­ղի­նա­կած այս գիր­քին մէջ եւս լայ­նօ­րէն օգ­տա­գոր­ծուած են այդ տուեալ­նե­րը՝ հե­ղի­նա­կի եւ գոր­ծա­կից­նե­րուն են­թա­կա­յա­կան նա­խընտ­րու­թեամբ, քիչ մըն ալ ընտրովի կա­տա­րուած մէջ­բե­րում­նե­րով։

Ու­րեմն այս չորս գիր­քե­րը ե­րէկ հան­րու­թեան ծա­նօ­թա­ցուե­ցան պաշ­տօ­նա­պէս։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Րաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը եւ ար­տա­յայ­տեց իր ու­րա­խու­թիւ­նը՝ սոյն ձեռք­բե­րու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Է­նիս Պա­թուր եւ Էթ­հէմ Էլ­տէմ տե­սագ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց պատ­գա­մը, ո­րով­հե­տեւ եր­կուքն ալ կը գտնուէին ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։

Հա­ւա­քոյ­թին հրա­ւի­րուած էին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­խար­հէն բազ­մա­թիւ ծա­նօթ դէմ­քեր, ո­րոնք ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Րաֆ­ֆի եւ Զիւ­հալ Փոր­թա­գալ ա­մո­լին կող­մէ։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016