ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԲՈՂՈՔԸ՝ ԱՄՆ-ԻՆ

Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ապ­րուի տա­րա­կար­ծու­թիւն մը։ Թէեւ մի­ջո­ցէ մը ի վեր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հան­դէպ ցու­ցա­բե­րուած ընտ­րո­վի մօ­տեց­ման բե­րու­մով Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ կ՚ապ­րուին ո­րոշ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, սա­կայն ե­րէկ այդ ե­րե­ւոյ­թը հա­սաւ ճգնա­ժա­մի մը մա­կար­դա­կին։ Ար­դա­րեւ, ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճոն Քըր­պի յայ­տա­րա­րեց, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն չի հա­մա­րեր ՓԵՏ-ն։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիա ՓԵՏ-ն կը հա­մա­րէ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան Սու­րիոյ թե­ւը։

Բան­բեր Քըր­պիի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով, ե­րէկ, Ան­գա­րա­յի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ճոն Պեսս հրա­ւի­րուե­ցաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այս առ­թիւ պաշ­տօ­նա­պէս իր նկա­տառ­ման յանձ­նուե­ցաւ ՓԵՏ-ի եւ ԵՓԿ-ի պա­րա­գա­յին ԱՄՆ-ի որ­դեգ­րած դիր­քո­րոշ­ման Թուր­քիոյ տե­սան­կիւ­նէն պատ­ճա­ռած ան­հանգս­տու­թիւ­նը։

Իր կար­գին, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ այս նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ը­սաւ. «Վա­ղը այդ օ­ձը ձե­զի ալ կը խայ­թէ»։

Հարկ է յի­շեց­նել, թէ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն Ո­ւա­շինկ­թը­նին կոչ ուղ­ղած էր՝ նա­խընտ­րու­թիւն մը ը­նել Թուր­քիոյ եւ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։  

 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016