ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հրէա­կան ազ­դու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ պա­տուի­րա­կու­թեան մը հետ։ ADL-ի եւ AJC-ի նման մեծ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րուն ըն­կե­րա­ցաւ Թուր­քիոյ հրեայ հա­մայն­քի նա­խա­գահ Իս­հաք Իպ­րա­հիմ­զա­տէհ։ ԱՄՆ-ի հրէա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին գլու­խը գտնուող Մալք­ոլմ Հէօն­լէյն, որ գլխա­ւո­րեց պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, ծա­նօթ է Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուի հետ ու­նե­ցած սերտ կա­պե­րով։

Կը հա­ղոր­դուի, որ հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան «Մա­վի Մար­մա­րա»ի ճգնա­ժա­մին յա­ջոր­դած ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Թուր­քիա-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղեալ վեր­ջին շրջան­նե­րու քայ­լե­րը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016