ՈՃՐԱԳՈՐԾ ԿԱՍԿԱԾԵԱԼՆԵՐ
Շաբաթավերջին վայրագօրէն սպաննուած մեր համայնքի երէց անդամներէն Յակոբ Տեմիրճիի ոճրագործութեան կապակցութեամբ ոստիկանութիւնը հսկողութեան տակ առաւ ութ հոգի։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Թրապզոնի մէջ երեքը իգական սեռէ վեց հոգի ձերբակալուեցաւ եւ ընդհանուր հաշուով ձերբակալուած ութ հոգիէն հինգը կանայք են։ Կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ կասկածեալները Սարփի սահմանադրան միջոցաւ կը պատրաստուէին արտասահման դուրս գալ։ Անոնց կեցավայրին մէջ կատարուած խուզարկումներուն ժամանակ յայտնաբերուած են բազմաթիւ կեղծ անցագրեր։
Անվտանգութեան տեսախցիկներու միջոցով ստուգուած են կասկածեալները։ Կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ Վրաստանի վրայով անոնք պիտի երթային Ռուսաստան։ Այլ թերթեր ալ կը նշեն, թէ անոնց ուղղութիւնը պիտի ըլլար դէպի Հայաստան։ Մամուլին մօտ թուարկուած են կասկածեալները, որոնցմէ ոմանք ունին հայկական անուններ։