Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՊԷՇԹԷՓԷԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան նիւթերու վերաբերեալ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Պէշթէփէի մէջ կայացած դռնփակ ժողովը տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Նախագահական պալատի խորհրդակցութեան մասնակցեցան Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016