«ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՏԱՊԱԼԵԼ ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ»
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ սադրանքներով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Մինչ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարի խախտումները հետզհետէ կը խտացնեն, այդ երկրի ղեկավարը՝ Իլհամ Ալիեւն ալ հանդէս կու գայ սադրիչ յայտարարութիւններով։ Ան վերջին օրերուն յայտնեց, որ անցեալ Ապրիլին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններն ու Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի երկայնքով լարուածութեան պահպանումը իր երկրի ներքին գործերը կը համարուին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս բուռն ձեւով արձագանգեց Ալիեւի այս զարմանալի յայտարարութիւններուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան «Արմէնփրէս»ին համար մեկնաբանեց Ալիեւի այդ խօսքերը։ Ըստ փոխ-նախարարին, վերջին յայտարարութիւններով Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կ՚ոտնահարէ միջազգային հանրութեան խաղաղասիրական ջանքերը ու ձեռնոց կը նետէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն։
«Նախ, Ատրպէյճան ստորագրած է 1994 թուականի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ 1995 թուականի հրադադարի դրութեան ամրապնդման անժամկէտ համաձայնագրերը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ։ Միջազգային հանրութիւնը եւ միջնորդական առաքելութեան լիազօրութիւն ունեցող Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները բազմիցս հանդէս եկած են կոչերով՝ անշեղօրէն առաջնորդուիլ վերոյիշեալ համաձայնագրերով, պահպանել հրադադարի դրութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորել բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Ակնյայտ է, որ 2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կը հանդիսանայ վերոյիշեալ համաձայնագրերով անոր կողմէ ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ ոտնահարում, Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու կոչերու բացայայտ արհամարհում եւ բռնութիւն ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ», ըսաւ Քոչարեան։
Բաց աստի, փոխ-նախարարը մատնանշեց հետեւեալը. «Կա՛մ Ատրպէյճան ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորումը իր ներքին գործը համարելով կը ձեւացնէ, որ կը մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն եւ կամ բանակցութիւններուն կը մասնակցի՝ ձեւացնելով, որ սա իր ներքին գործն է։ Երկու պարագաներն ալ ուղղուած են միջազգային հանրութեան միջնորդական ջանքերու տապալման։ Եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հանդէս կու գայ նման յայտարարութիւններով, չգիտակցելով այդ բոլորին, ապա սա զինքը չի փրկեր Ապրիլի բռնութեան ընթացքին իր կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութենէ»։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալաեանն ալ յայտարարեց, որ անցեալ Ապրիլի իրադարձութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ բռնութիւն էին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ։