ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Փարիզի «Collectionneur» պանդոկին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցան Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան պաշտօնական ընթրիքը, որու պատուոյ հիւրն էր Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ։ Իր տեսակին մէջ չորրորդ այս հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւէն ծանօթ դէմքեր, հասարակական գործիչներ, հոգեւոր առաջնորդները, արուեստագէտներ եւ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի սպասաւորներ։ CCAF-ի համանախագահներուն՝ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի գլխաւորութեամբ հիւրընկալուեցան բոլոր ներկաները։ Ներկաներու շարքին էին Ֆրանսայի ընտրութիւններուն ընկերվարականներու կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Պընուա Ամոն, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիր, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Փարիզի շրջանային խորհուրդի նախագահ Վալերի Փեքրէս, Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան, խորհրդարանականներ Ֆիլիփ Քալթընպախ, Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Վալերի Պուայէ, Ռընէ Ռուքէ եւ այլք։
Ֆրանսահայ համայնքէն ալ ծանօթ դէմքեր մասնակցեցան այս երեկոյթին։ Անոնց շարքին էին աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, Անտրէ Մանուկեան, Ռոպէր Քէշիշեան, Լիզ Սարեան եւ այլք։ Ֆրանսահայոց Թեմէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ համայնքի բազմաթիւ կառոյցներէն ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։ Հիւրերու շարքին էր նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Բնականաբար ներկայ էին նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան եւ դեսպանութեան անձնակազմէն այլ դէմքեր։ Յայտագիրը վարեց յայտնի հեռուստալրագրող Օտրէ Փիւլվար։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ֆրանսուա Օլանտ CCAF-ի տարեկան ընթրիքին ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ժամանակ անդրադարձաւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ հրաւէր ուղղած է Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ որպէսզի պաշտօնական այցելութեամբ փութայ Փարիզ։ Այդ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Մարտի 8-ին՝ զուգադիպելով կանանց տօնին։ «Սա հնարաւորութիւն մըն է անդրադառնալու տնտեսական ու մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական համագործակցութեան։ Միեւնոյն ժամանակ պիտի քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, որովհետեւ Ֆրանսա այս հարցին մէջ ունի առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Այս հակամարտութեան լուծում գտնելը հրատապ հարց մըն է», ըսաւ Ֆրանսուա Օլանտ։
Իր ելոյթին մէջ ան հիմնախնդիրը հրատապ որակեց՝ յիշեցնելով անցեալ տարուան Ապրիլի սկիզբի ահաւոր իրադարձութիւնները։ «Այդ իրադարձութիւնները մեզի յիշեցուցին, որ ամէն օր կամ գրեթէ ամէն օր Ղարաբաղի մէջ մահ կ՚արձանագրուի։ Ուստի, մենք պէտք է գործենք ու պէտք է գործենք բախումները դադրեցնելու համար։ Մարտերը դադրեցուեցան, երկխօսութիւն սկսաւ, հրադադար հաստատուեցաւ, սակայն մենք չենք կրնար բաւարարուիլ հրադադարով, որովհետեւ սա լուծում մը չէ։ Մենք հակամարտութեան կարգաւորման համար պէտք է սկսինք իսկական բանակցութիւններու։ Մեծ սխալ կ՚ըլլայ կարծել, թէ իրավիճակը կայունացած է։ Մենք պէտք է անդրադառնանք հակամարտութեան կարգաւորման տարրերուն, որոնք արձանագրուած են Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ։ Մենք գիտենք նաեւ, որ երբ անոնք գործադրուին, պէտք է հիմնուին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման վրայ, ուստի այս ճանապարհով յառաջ ընթանալու համար Ֆրանսա նոր հանդիպում մը պիտի կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ», ըսաւ Օլանտ։
Անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն՝ ֆրանսացի ղեկավարը յայտնեց, որ անոնց բնականոնացման գործընթացը կը գտնուի մեռեալ կէտի մը վրայ։ «Ես կը վերահաստատեմ, որ այս հարցին մէջ եւս Ֆրանսա ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ի վերջոյ բացուի ցամաքային սահմանը», ըսաւ ան։
CCAF-ի ընթրիքին ընթացքին Ֆրանսուա Օլանտ խօսեցաւ նաեւ ֆրանսահայ համայնքի մասին ու բարձր գնահատեց անոր դերը։ «Այստեղ մենք կը խօսինք Ֆրանսայի լաւագոյն մասին հետ, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններէն էք։ Նոյնիսկ Մայիսէն վերջ ես մշտապէս պիտի ըլլամ ձեր կողքին, որովհետեւ միշտ ալ եղած եմ։ Չեմ ունենար միեւնոյն պատասխանատուութիւնը, սակայն կ՚ունենամ միեւնոյն համոզումները», ըսաւ Ֆրանսուա Օլանտ։ Իր ելոյթին մէջ ֆրանսացի ղեկավարը ակնարկեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու ուղղեալ օրէնսդրական նախաձեռնութեան ձախողման՝ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումով։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ է շարունակել քայլերը, որովհետեւ այս հարցին մէջ պայքարը ոչ թէ միայն մէկ քայլ մըն է, այլ պայքար՝ ճշմարտութեան համար։ «Ժխտել երէկուան կոտորածները՝ կը նշանակէ վաղը թոյլ տալ նման կոտորածներու», ըսաւ Օլանտ։
Երեկոյթի ընթացքին ելոյթներու կարեւոր մէկ մասը կեդրոնացաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու առկայ հարցերուն վրայ։ Այս ամբողջին մէջ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի խօսքը։ Բերիոյ թեմի առաջնորդը շքանշան մըն ալ ստացաւ CCAF-ի կողմէ։
Միւս կողմէ, նոյն հաւաքոյթի ընթացքին յանուն CCAF-ի շքանշան մըն ալ յանձնուեցաւ Փարիզի մօտ Գերմանիոյ դեսպանորդ Փասքալ Հեքթորին։ Այս վերջինը զայն ստացաւ յանուն Պունտեստակի Նորպերթ Լամմերթի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններէն Ճեմ Էօզտեմիրի։