ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէս եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան մը հա­մար այ­սօր կը ժա­մա­նէ Թուր­քիա։ Տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ պաշ­տօ­նի կո­չուած ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը ա­ռա­ջին ան­գամ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ան ձեռ­նար­կած է տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան մը եւ այդ ծի­րին մէջ շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիոյ մէջ։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Կիպ­րո­սի հիմ­նախն­դի­րը, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու մա­նա­ւանդ մար­դա­սի­րա­կան կա­ցու­թիւ­նը։ Կող­մե­րը ծա­ւա­լուն կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կ՚ու­նե­նան նաեւ մի­ջազ­գա­յին կամ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բնոյ­թով հար­ցե­րու շուրջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017