ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱՑԱԾ

Ե­րե­ւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան հին ձե­ռա­գիր­նե­րու գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան Մա­տե­նա­դա­րա­նի ու­սում­նա­րան 2016 թուա­կա­նին այ­ցե­լած է 89 հա­զար մարդ: Ըստ «Ար­մէն­փ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան նշած է, որ այ­ցե­լու­նե­րու այս ցու­ցա­նի­շը 3 հա­զա­րով գե­րա­զան­ցած է 2015 թուա­կա­նի տուեալ­նե­րը: Այ­ցե­լու­նե­րը ե­ղած են ա­մե­նա­տար­բեր եր­կիր­նե­րէ, աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի կ՚ընդ­լայ­նուի: Հա­յաս­տան ե­կած բազ­մա­թիւ զբօ­սաշր­ջիկ­ներ ան­պայ­ման կը ձգտին այ­ցե­լել Մա­տե­նա­դա­րան, ծա­նօ­թա­նալ այն­տեղ ցու­ցադ­րուած ձե­ռագ­րա­յին գան­ձե­րուն: Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան շեշ­տած է, որ մեծ թի­ւով այ­ցե­լու­ներ կու գան Սպա­նիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, այ­ցե­լու­ներ կան նաեւ Ի­րա­նէն, Ֆրան­սա­յէն, Լե­հաս­տա­նէն, Պալ­քա­նեան եր­կիր­նե­րէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Չի­նաս­տա­նէն եւ այլն:

«Ընդգ­ծեմ, որ տա­րուէ տա­րի Մա­տե­նա­դա­րան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն թի­ւը կ՚ա­ւել­նայ: Զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը կու գան, թէ՛ զբօ­սաշր­ջա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, թէ ա­ռան­ձին», ը­սած է Վա­հան Տէր­Ղե­ւոն­դեան:

Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ կան զբօ­սա­վար­ներ, ո­րոնք մաս­նա­գի­տա­ցուած են վեց-եօթ օ­տար լե­զուի գծով: Այժմ կը նա­խա­տե­սուի ի­րա­կա­նաց­նել ծրա­գիր մը, որ այլ լե­զու­նե­րու տի­րա­պե­տող գիտ­նա­կան­նե­րը եւս ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ աշ­խա­տին զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հետ:

«Մենք այդ ծրա­գի­րը ո­րոշ չա­փով ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ենք: Երբ Ի­րա­նի փոխ-նա­խա­գա­հը ե­կած էր, մեր աշ­խա­տակ­ցու­հին, որ կը տի­րա­պե­տէ պարս­կե­րէ­նին, այդ լե­զուով իսկ բա­ցատ­րեց: Ներ­կա­յիս այդ ծրա­գի­րը կ՚ու­զենք ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պուած հիմ­քե­րու վրայ դնել: Այն գի­տաշ­խա­տող­նե­րը, ո­րոնք կը տի­րա­պե­տեն, օ­րի­նակ, լե­հե­րէ­նին, հուն­գա­րե­րէ­նին, կրնան այդ եր­կիր­նե­րէն ե­կած խում­բե­րու հետ աշ­խա­տիլ ի­րենց իսկ լե­զուով», ը­սած է ան՝ ընդգ­ծե­լով, որ Մա­տե­նա­դա­րա­նը կը ծրագ­րէ հա­տել այ­ցե­լու­նե­րու՝ խորհր­դան­շա­կան 100 հա­զար ցու­ցա­նի­շը:

Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան նշած է նաեւ, որ Մա­տե­նա­դա­րա­նը աշ­խոյժ աշ­խա­տանք կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ: Այդ տե­սան­կիւ­նէն նոր մաս­նա­շէն­քին առ­կա­յու­թիւ­նը լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կու տայ: Նախ­կին մէկ-եր­կու ցու­ցաս­րա­հին փո­խա­րէն՝ այժմ կայ ա­ւե­լի քան տասն ցու­ցաս­րահ:

«Բազ­մա­թիւ նոր ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ ե­ղան վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն, օ­րի­նակ՝ Նոր Ջու­ղա­յի ձե­ռա­գիր­նե­րուն, ա­րա­բա­տառ ձե­ռա­գիր­նե­րուն, պարս­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րուն նուի­րուած ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ: Մեծ ցու­ցադ­րու­թիւն ու­նեն­ցանք Մեծ Ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին: Այս տա­րի եւս նոր ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ կը նա­խա­տե­սենք, մաս­նա­ւո­րա­պէս, Խրի­մի հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան նուի­րած: Ա­սոնց­մէ բա­ցի, նա­խա­տե­սած ենք հայ-լե­հա­կան ցու­ցադ­րու­թիւն: Այս տա­րի կը լրա­նայ 650-ա­մեա­կը այն յայտ­նի հրա­մա­նա­գի­րին, զոր ստո­րագ­րած է Լե­հաս­տա­նի թա­գա­ւոր Կա­զի­միր: Այդ հրա­մա­նա­գի­րը, կար­ծես, Լե­հաս­տա­նի մէջ հայ հա­մայն­քի ծննդեան վկա­յա­կա­նը ըլ­լար: Ա­հա պի­տի ըլ­լայ այդ ի­րա­դար­ձու­թեան նուի­րուած ցու­ցադ­րու­թիւն, գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւն», ը­սած է  Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան:

Ան նկա­տած է, որ ժա­մա­նա­կին Լւո­վը կը մտնէր Լե­հաս­տա­նի կազ­մին մէջ եւ այդ ըն­թաց­քին Լւո­վը հայ­կա­կան տպագ­րու­թեան հնա­տիպ կեդ­րոն­նե­րէն մէկն էր: Հայ­լե­հա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին պի­տի ներ­կա­յա­ցուին ձե­ռա­գիր­ներ, հնա­տիպ գիր­քեր՝ կա­պուած այդ ժա­մա­նաաշր­ջա­նին հետ:

Տա­րուան ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սուած է նաեւ ցու­ցադ­րու­թիւն՝ նուի­րուած Լա­զա­րեան­նե­րուն: Պի­տի ներ­կա­յա­ցուին ար­ժէ­քա­ւոր նիւ­թեր՝ կա­պուած Լա­զա­րեան­նե­րու ժա­ռան­գու­թեան հետ:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017