ՉԱՆՔԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ան­գա­րա­յի մէջ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, որ տե­ւեց շուրջ 45 վայր­կեան։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը քննար­կե­ցին Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան ուղ­ղեալ մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Այս գոր­ծըն­թա­ցէն ներս Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի տե­սակ­ցած ե­ղան ար­դէն հին­գե­րորդ ան­գամ։

Ըստ Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն, Եըլ­տը­րըմ եւ Պահ­չե­լի խորհր­դակ­ցե­ցան, որ հան­րա­քուէի փո­փո­խու­թեան հա­ւա­նու­թիւն տա­լու վե­րա­բե­րեալ ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ինչ­պէս պի­տի բա­նա­ձե­ւուին եւ ինչ­պէս պի­տի բա­ցատ­րուին հան­րա­յին կար­ծի­քին։

Եըլ­տը­րըմ եւ Պահ­չե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձան նաեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին։ Վար­չա­պե­տը ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցա­պե­տին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րու կող­մէ Էլ Պա­պի մէջ յա­ռաջ տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Միւս կող­մէ, գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ-ն ալ կը շա­րու­նա­կէ իր քա­րո­զար­շա­ւը՝ կան­խե­լու հա­մար Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­խուի­լը։

Բաց աս­տի, Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ե­րէկ մեկ­նա­բա­նեց նաեւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վեր­ջին ծրա­գի­րը՝ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան շուրջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայտ­նած էր, թէ 18 տա­րե­կա­նին խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծել յա­ջո­ղած­նե­րը զերծ պի­տի պա­հուին զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէն։ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու այս ծրա­գի­րը քննա­դա­տեց ը­սե­լով, որ սա պի­տի ծա­ռա­յէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան վեր­նա­խա­ւի զա­ւակ­նե­րուն, մինչ աղ­քատ­նե­րու զա­ւակ­նե­րը կը նա­հա­տա­կուին։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017