ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՔԱՆԴԱԿ
Երեւանի Սիրահարներու այգիի տարածքին պիտի տեղադրուի «Սիրահարներ» արձանը: Տեղադրման համաձայնութիւն տալու համար հարցը ընդգրկուած է Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ նիստի օրակարգին մէջ, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի կայքէջը:
Քանդակին հեղինակը Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին է (Դաւիթ Նիկոլի Բաբայեան): Անոր գործերը տեղադրուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս՝ Փարիզի եւ անոր արուարձաններուն մէջ տեղադրուած է Դաւիթ Երեւանցիի շարք մը գործերը:
Անուանի քանդակագործին հեղինակած աշխատանքներէն են՝ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանը (Լիլաս քաղաքի գերեզմանատան մէջ, Ֆրանսա), Կոմիտասի յուշարձանը (Փարիզ), «Ղարաբաղցի կինը» քանդակը (1988, Երեւան), Ուիլիըմ Սարոյեանի յուշարձանը (2008, Երեւան), «Վարք յաւերժութեան» քանդակ (2012, Երեւան), Գրիգոր Հասրաթեանի յուշաքարը: Հեղինակ է նաեւ դրուագումներու («Կոմիտաս», 1968, պրոնզ, «Աղջիկ», 1972, պղինձ եւ այլն), գեղանկարներու, դիմանկարներու, մետայլներու, զարդերու:
«Քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցիի հեղինակած եւ Երեւան քաղաքին նուիրաբերած «Սիրահարներ» քանդակային աշխատանքը Երեւանի քաղաքապետին կից գեղարուեստի յանձնաժողովի կողմէ արժանացած է հաւանութեան եւ առկայ է նաեւ Երեւան քաղաքի Սիրահարներու այգիի տնօրինութեան համաձայնութիւնը», ըսուած է աւագանիի որոշման նախագծին մէջ: