ԳՐԱԲԱՐԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐ
Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» պետական հաւատարմագրուած համալսարանին մէջ գործող «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»էն ներս, յառաջիկայ մարտի 2-էն պիտի սկսին գրաբար եւ արեւմտահայերէն (առցանց), արեւմտահայ գրականութիւն, հայկական հարցի պատմութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն առարկաներու անվճար հիմունքներով եռամսեայ դասընթացները: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրէս»ը՝ վկայակոչելով կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Տոց. Ամալիա Գրիգորեանի տեղեկութիւնները: Գրիգորեանի խօսքով՝ դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ դպրոցներու բարձր դասարաններու գերազանց կամ լաւ սորվող աշակերտներ, համալսարաններու ուսանողներ, ուսումնական հաստատութիւններու մէջ աշխատող ուսուցիչներ՝ որակաւորման բարձրացման նպատակով: «Ուսումնառութեան եւ դասաւանդման մեթոտները կը համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներուն: Դասախօսութիւններով հադէս պիտի գան Արցախի եւ արտերկրի լաւագոյն մասնագէտներ, գիտութեան, արուեստի եւ մշակոյթի փորձառու գործիչներ, նշանաւոր դէմքեր: Եռամսեայ դասընթացներու շրջանաւարտները Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» պետական հաւատարմագրուած համալսարանին կողմէ պիտի ստանան համապատասխան վկայական: Ի դէպ, նման դասընթացներ կը կազմակերպուին միայն մեր համալսարանին մէջ», նշած է Ամալիա Գրիգորեան եւ աւելցուցած է, որ դասընթացները կը կազմակերպուին երրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ փափաքողները կրնան մինչեւ փետրուարի վերջը դիմում ներկայացնել Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի ղեկավարութեան անունով: Մանրամասն տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (047) 94-18-59, (047)94-14-29, (097) 30-89-86 թիւերուն: