ՅՕԴԱՁԱՒԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՔՍՈՒԿՆԵՐ

Շատ տարածուած ու տհաճ հարցեր են յօդացաւերը, որոնք կրնան պայմանաւորուած ըլլալ ամենատարբեր գործօններով: Նման ցաւը կը դառնայ շարժումներու կաշկանդուածութեան պատճառ եւ խիստ բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարդու կեանքի որակի վրայ, ուստի զարմանալի չէ, որ այս խնդիրէն մարդիկ կը փորձեն հնարաւորինս արագ ձերբազատուիլ:

Որպէս կանոն յօդացաւերը մեղմելու համար մասնագէտները խորհուրդ կու տան օգտագործել յատուկ քսուկներ ու դեղեր, սակայն, բարեբախտաբար, կան նաեւ շատ աւելի հասանելի ու անվնաս միջոցներ, որոնք նոյնքան արդիւնաւէտ են, սակայն իրենց բնական բաղադրութեան շնորհիւ չեն յառաջանար կողմնակի բարդութիւններ:

Առաւել արդիւնաւէտ կը համարուին յօդը ջերմացնող ու այդ կերպով ցաւը մեղմող միջոցները, ուստի «Aif.ru» կայքէջը ներկայացուցած է երկու բնական ջերմացնող միջոցի բաղադրատոմսեր, որոնք կ՚օգնեն հեշտութեամբ մեղմել տհաճ զգացողութիւնները եւ չեն յառաջացներ կողմնակի բարդութիւններ։

Կէս բողկը քերիչով մանրացնել, աւելցնել 1 ճաշի դգալ մեղր ու 2 ճաշի դգալ օղի եւ լաւ մը խառնել։ Սառած զանգուածը քսել ախտահարուած յօդի հատուածին ու լաւ մը մարձել, որպէսզի դեղամիջոցը ներծծուի։ Յետոյ դեղամիջոցի մնացորդները հարկաւոր է լուալ մաքուր ջուրով։

Մէկ ճաշի դգալ մանանեխի փոշին աւելցել փոքր բուսաիւղի մը, որպէսզի ստացուի թանձր մածուկ, այնուհետեւ քսել խառնուրդը յօդին ու լաւ մը մարձել։ Յետոյ դեղամիջոցի մնացորդները հարկաւոր է լուալ մաքուր ջուրով։

Այս բնական միջոցները շատ արդիւնաւէտ են ու հասանելի, սակայն հարկ է յիշել, որ առողջական լուրջ խնդիրներու եւ ուժեղ ցաւերու պարագային հարկաւոր է անպայման դիմել մասնագէտի, քանի որ ինքնաբուժութիւնը կրնայ խիստ վնասակար ըլլալ ու ա՛լ աւելի վատթարացնել հիւանդի վիճակը: Մինչ այդ, միայն փորձառու մասնագէտ մը կրնայ պարզել խնդրի պատճառն ու նշանակել անհրաժեշտ բուժումը, որ կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ ու չի յառաջացար կողմնակի բարդութիւններ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021