«ՍՊԻՏԱԿ ՄՕՐՈՒՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ» ՆԻՍՏ

Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան «Սպիտակ մօրուսաւորներու» (աւագներու) խորհուրդի 12-րդ ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Պէշիկթաշէ ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու մասնակցեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պաղտատ Ամրէեւ։ Նիստը գլխաւորեց Պինալի Եըլտըրըմ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ այդ կազմակերպութեան աւագներու խորհուրդը։ Մասնակիցներու շարքին էին Ատրպէյճանէն՝ Հասան Հասանով, Ղազախիստանէն՝ Իքրամ Ատիպրէ, Խրղըզիստանէն՝ Մետեթխան Սեհրիմքուլով, Էօզպեքիստանէն՝ Պախթիեար Սայֆուլլահեւ։

Ժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Պինալի Եըլտըրըմ նշեց, որ այս կազմակերպութիւնը օրէ օր կը մեծնայ ու կը զօրանայ։ Անոր ստանձնած պատասխանատուութիւնն ալ օրէ օր կ՚աւելնայ։ Այս իրավիճակին մէջ, երէցներու խորհուրդն ալ՝ պետութիւններու ղեկավարներուն կողմէ որդեգրուած ուղղութիւնով, խտացեալ աշխատանք կը ծաւալէ, որպէսզի թրքական պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները զարգանան, նպաստ ապահովուի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներուն։ «Մեր հիմնական նպատակներու շարքին է՝ անդամ երկիրներու միջեւ համարկումը, ներդաշնակութիւնը թէ՛ առեւտուրի ու փոխադրութեան եւ թէ հաղորդակցութեան զարգացման համար», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022