ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՎ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ապագային շուրջ։ Խորհրդարան-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի ժամանակ ան ըսաւ. «Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելը եւ համապատասխան փաստաթուղթով արձանագրելը մեր նպատակներու շարքին են եւ, ընդ որում, բոլոր կառավարութիւններու նպատակը եղած է։ Ղարաբաղեան բուն բանակցային գործընթացի նպատակը խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը եղած է եւ սա արձանագրուած է բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ։ Մենք հետաքրքրուա՞ծ ենք արդեօք Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելով, այո՛, ասոր համար պէ՞տք է բանակցուի, այո՛, ի՞նչ ձեւաչափով պէտք է տեղի ունենայ այդ բանակցութիւնը, այս մասին մեր պատկերացումները քանի մը անգամ ընդգծած ենք»։ Վարչապետը աւելցուց, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը իրենց նպատակներէն է ու պատրաստ են այդ ուղղութեամբ առարկայական, յստակ խօսակցութիւն ծաւալել։
Խորհրդարանի ամպիոնէն երէկ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց նաեւ, որ երկրէն ներս ու երկրէն դուրս կը փորձուի տպաւորութիւն ստեղծել, թէ ինչ-որ մէկը Հայաստանին կը փորձէ օրակարգ պատրաստել եւ Հայաստան կը խուսափի ինչ-որ օրակարգէ։ Ան ըստ էութեան հերքեց այդ բոլորը։
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունի պետական սահման, որովհետեւ երկու երկիրներու միջեւ տակաւին Խորհրդային ժամանակներուն սահման գոյութիւն ունեցած է եւ այդ մէկը սահմանագծման ենթարկուած է։ 1991 թուականին ԱՊՀ-ի ստեղծման վերաբերեալ համաձայնագրով այդ սահմանները ճանչցուած են։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն կողմէ այդ համաձայնագիրը վաւերացուած է։ Կը կարծենք, թէ ահա այդ պայմանաւորուածութիւնները պէտք է իրագործուին այս տրամաբանութեամբ։ Ընդ որում, պատրաստ ենք լսել այլ առաջարկներ եւ այլ պատկերացումներ», նշեց Փաշինեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այս առաւօտ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Շուշիի հռչակագրին, որ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ընդունուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ եւ վերջերս վաւերացուած՝ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ։ Այս կապակցութեամբ ան յայտնեց, որ տարածաշրջանի գործընթացները Հայաստանի ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին։ Իր խօսքով՝ Երեւանի իշխանութիւնը պարբերաբար կը քննարկէ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային միջավայրը եւ կ՚առնէ համապատասխան քայլեր։ «Այդ քայլերու մէկ մասը կրնայ ըլլալ հրապարակային, մէկ մասը՝ ոչ։ Բայց որեւէ գործընթաց, որ տեղի կ՚ունենայ տարածաշրջանէ ներս, մեր ուշադրութեան կեդրոնին է եւ անհրաժեշտութեան պարագային կ՚արձագանգենք տարբեր ձեւերով», նշեց Արմէն Գրիգորեան։