ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա՝ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի մասնակցութեան համար հրաւէր ուղարկած է իրեն եւ Ռուբէն Ռուբինեանին, որ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչն է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։ Իր խօսքով՝ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու շուրջ հայկական կողմի որոշումը մեծապէս կախում կ՚ունենայ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու յառաջիկայ հանդիպումներու արդիւնքներէն։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, խորհրդարան-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Մենք յոյս ունինք, թէ այս անգամ արդէն առարկայական քննարկումներ կը սկսին երկու յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ. քննարկումներ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ»։

Հանրային կարծիքի մօտ շրջանառութեան մէջ մտած զանազան տուեալներու լոյսին տակ, նախարարը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի մասնակցութեան պարագան քննարկման առարկայ չէ։ Հրաւէր ուղարկուած է միայն Արարատ Միրզոյեանին եւ Ռուբէն Ռուբինեանին։ Հայկական կողմը տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած եւ այդ մէկը մեծապէս կախում կ՚ունենայ Վիեննայի մօտալուտ հանդիպման արդիւնքներէն։

Արարատ Միրզոյեան երէկ խորհրդարանի ամպիոնէն տեղեկացուց, որ այս պահուն Անգարայէն պաշտօնապէս հասած ազդակները, ուղերձները, ակնարկները առաւելապէս դրական ամբողջի մը մէջ են։ «Եւ մեր ակնկալութիւններն ալ այդպիսին են», աւելցուց ան։   

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022