ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի վերջին հեռախօսազրոյցին արձագանգները կը շարունակուին։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած էին, որ անոնք անդրադարձած են Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Հայկական լրատուամիջոցները երէկ այս զրոյցի բովանդակութեան շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուցին՝ Ուաշինկթընէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան հիման վրայ։ Այսպէս, Չավուշօղլու եւ Պլինքըն քննարկած են Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ այն յաւելեալ քայլերը, որոնց ամերիկեան կողմը կրնայ ձեռնարկել՝ աջակցելու համար համապատասխան ջանքերուն։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկխօսութիւնը այժմ հիմնական մղիչ ուժն է Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Անցեալ ամիս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումէն վերջ, անոնց երկրորդ տեսակցութիւնը ծրագրուած է Վիեննայի մէջ՝ փետրուարի 24-ին։

Մինչ այդ, «TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա կը փափաքի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները կազմակերպել Անգարայի եւ Երեւանի մէջ։ Ան յիշեցուց, որ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ, իսկ երկրորդը նախատեսուած է Վիեննայի մէջ։ «Մենք կը փափաքինք հանդիպումները իրականացնել Անգարայի եւ Երեւանի մէջ, սակայն, հայկական կողմը ընտրած է երրորդ երկիրը։ Ոչինչ, կարեւորը գործընթացի շարունակուիլն է», յայտնած է Չավուշօղլու։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022