ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՈՒՔՐԱՅՆԱ

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին նիս­տը։ Պէշ­թէ­փէի մէջ, Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց ինն ժամ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւա­ռի հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ տնտե­սու­թեան ըն­թաց­քը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Յու­նիս 7-ին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան շարք մը փո­փո­խու­թիւն­ներ, ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ա­ռա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցան Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Քե­նան Ի­փէք, Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պա­հատ­տին Էօզ­թիւրք եւ Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Պիլ­կին։

Հա­շուի առ­նե­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Էր­տո­ղան պի­տի այ­ցե­լէ Ուք­րայ­նա, Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի նիս­տին ըն­թաց­քին փո­խան­ցուե­ցան հա­մա­պա­տաս­խան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։

Հարկ է նշել, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ժո­ղով գու­մա­րեց Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015