ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՔԱՅԼ
2019 թուականին Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ Երէկ, համապատասխան համաձայնագիրը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստորագրուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային ալիանսի քարտուղար Ճիմ Պոյզանթ եւ Հայաստանի Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան։ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութենէն ներս կազմակերպուեցաւ ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւն, որ ստեղծեց լայն արձագանգ։ Ներկայ էին Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, Փոխ-նախարար Էմիլ Տարասեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Արարողութենէն վերջ լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին Կարէն Ճշմարիտեան ըսաւ. «Այսօրուընէ սկսեալ պէտք է նախապատրաստուիլ համաժողովին եւ համապատասխան մարմիններուն կողմէ յուշագրի ստորագրումը կ՚ազդարարէ այդ աշխատանքներուն սկիզբը։ Կը յուսամ, որ այս իրադարձութեան կազմակերպումով Հայաստան քանի մը աստիճանով պիտի բարձրանայ այս բնագաւառի համաշխարհային քարտէսին վրայ կամ աշխարհի վարկանշանաւորման մէջ»։ Նախարարը աւելցուց, թէ դիմում պիտի ներկայացնէ կառավարութեան մօտ՝ ծրագրի իրականացման ուղղութեամբ աջակցութիւն ստանալու համար։
2014 թուականին Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան կողմէ դիմում ներկայացուած էր՝ Երեւանի մէջ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի կազմակերպման համար։ «WCIT» կոչուած այս համաժողովը 2019 թուականին Երեւանի մէջ իրականացնելու վերաբերեալ որոշումը ընդունուած էր 2014 թուականի Սեպտեմբերին Մեքսիկայի մէջ՝ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային ալիանսի տնօրէններու խորհուրդի նիստին ընթացքին։ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը այս բնագաւառի խոշորագոյն միջոցառումներու շարքին կը դասուի։ Այդ համաժողովին մասնակցութիւն կը բերեն տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառէն երկու-երեք հազար առաջնորդներ, աշխարհի շուրջ հարիւր երկիրներէն։ WCIT 1978 թուականէն ի վեր կը կազմակերպուի երկու տարին անգամ մը։ 2000 թուականէն ի վեր այս համաժողովը տեղի ունեցած է Թայուանի, Աւստրալիոյ, Յունաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Մալեզիոյ, Հոլանտայի, Գանատայի եւ Մեքսիկայի մէջ։
Երէկուան ստորագրման արարողութենէն վերջ Կարէն Վարդանեանն ալ զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ։ Ան համոզուած է, թէ WCIT-ի Հայաստանի մէջ կազմակերպումը պատուաբեր է, միեւնոյն ժամանակ պատասխանատու։ «Մենք կը սկսինք համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու միջազգային համաժողովը բաւական խոշոր միջոցառում մըն է, որու ընթացքին կը քննարկուին խնդրայարոյց նիւթեր։ Որպէս ունկնդիր մօտաւորապէս 2500 պատուիրակներ կը մասնակցին ամբողջ աշխարհէն։ Համաժողովի ծիրէն ներս կը կազմակերպուի նաեւ յատուկ ցուցահանդէս մը, ուր կը ներկայացուին աշխարհի լաւագոյն լուծումները։ Այս բոլորի կազմակերպումը թէ՛ պատուաբեր է եւ թէ պատասխանատու», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Ճիմ Պոյզանթն ալ ներկաները շնորհաւորեց՝ համաժողովի Հայաստանի մէջ կազմակերպման որոշման բերումով։ Ըստ իրեն, Հայաստանի պարագային նախընտրութեան կարեւորագոյն չափորոշիչը եղած է այն հանգամանքը, թէ երկիրը շատ լուրջ տրամադրուած է այս բնագաւառը զարգացնելու եւ այնտեղ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ։ «Դուք ներկայացուցած էիք լաւ առաջարկ ու լաւ թղթածրար, մենք տեսանք լուրջ մօտեցում. ահա թէ ինչո՛ւ ընտրուեցաւ Հայաստանը», ըսաւ Պոյզանթ։