ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ռու­սաս­տա­նի Ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Վլա­տի­միր Կրուս­մա­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յայտ­նի ռուս ազ­գագ­րա­գէտ Ա­լեք­սանտր Միլ­լէ­րի հա­ւա­քա­ծոն այս տա­րուան ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յա­ցուի Մոս­կուա­յի եւ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ, նաեւ ցու­ցա­հան­դէս մըն ալ պի­տի բա­ցուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ Վլա­տի­միր Կրուս­ման ե­րէկ քննար­կե­ցին կազ­մա­կեր­պուե­լիք ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Հա­ւա­նա­կան է, որ Միլ­լէ­րի հա­ւա­քա­ծո­յէն բա­ցի ծրագ­րուած այս ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուին Հա­յաս­տա­նէն նմոյշ­ներ եւս։

Ե­րէ­կուան քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին կող­մե­րը նշե­ցին, թէ պի­տի ստեղ­ծուի ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ալ­պոմ մը, որ պի­տի ներ­կա­յա­ցուի նաեւ գրքի մի­ջազ­գա­յին տա­ղա­ւար­նե­րուն մէջ։ Պօ­ղո­սեան մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց, որ այդ ալ­պո­մը պէտք է ընդգր­կէ նաեւ հա­յե­րէն։

Ռու­սաս­տա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը պի­տի կազ­մա­կեր­պուին մին­չեւ այս տա­րուան Մա­յի­սը կամ Յու­նի­սը, իսկ Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուա­ծը՝ Հոկ­տեմ­բե­րին։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015