ՓՈՒԹԻՆԷՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրեց Հայաստանի հետ կնքուած համաձայնագրի վաւերացման մասին օրէնքը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու քաղաքացիներու արձանագրման կարգի փոխադարձ դիւրացման։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն համաձայնագիրը կը նախատեսէ Հայաստանի տարածքէն ներս ժամանակաւորապէս գտնուող Ռուսաստանի քաղաքացիները եւ Ռուսաստանի տարածքէն ներս ժամանակաւորապէս գտնուող Հայաստանի քաղաքացիները ազատել երեսուն օրուան ընթացքին մուտքի պետութեան պատկան մարմիններուն մօտ արձանագրուելու պարտականութենէն։ Մասնաւորապէս, Հայաստանի քաղաքացիները, որոնք աւելի առաջ պարտաւոր էին Ռուսաստանի մէջ երեսուն օր գտնուելու ընթացքին գաղթականութեան հաշուարման ենթարկուելու, այժմ կրնան առանց արձանագրութեան 180 օրուան ժամանակաշրջանին Ռուսաստանի տարածքէն ներս ընդհանուր առմամբ գտնուիլ 90 օր։