ԱՐԴԵՕՔ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ՞ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄԸ ՄՂԵԼ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ի ԴԷՄ

Ան­ցեալ շա­բաթ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան թիւ մէկ օ­րա­կար­գը Ա­րա­բա­կան ծո­ցի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եր­կիր­նե­րու կող­մէ հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թիւնն էր, ո­րով «Հիզ­պուլ­լահ» կը ճանչ­ցուէր որ­պէս ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կե­րու­թիւն, այդ­պէ­սով ան­նա­խըն­թաց լա­րուա­ծու­թիւն ստեղ­ծե­լով սիւն­նի աշ­խար­հին եւ Լի­բա­նա­նի մի­ջեւ: Բո­լո­րին հա­մար բա­ցա­յայտ է, որ Լի­բա­նան քա­ղա­քա­կան խմո­րում­նե­րուն մէջ ըլ­լա­լով խո­ցե­լի եր­կիր մը, նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր ակն­կա­լիք­ներ ու­նի սիւն­նի աշ­խար­հէն: Լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան այն կող­մե­րը, ո­րոնք հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նան որ­պէս «Մայ­րի­նե­րու յե­ղա­փո­խու­թեա­ն» (Վար­չա­պետ Րա­ֆիք Հա­րի­րիի սպան­ու­թե­նէն ետք սկիզբ ա­ռած շար­ժու­մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով Լի­բա­նան տե­ղա­կա­յուած սու­րիա­կան ու­ժե­րը դուրս ե­կան երկ­րէն, այդ ա­նու­նով ծա­նօթ է) կեր­տիչ­ներ կը շտա­պէին դա­տա­պար­տել «Հիզ­պուլ­լահ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ու մաս­նա­ւո­րա­պէս իշ­խող Ապ­տըլ Ա­զիզ ըն­տա­նի­քին դէմ ար­ձա­կուած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը: Այդ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը ի­րենց ծան­րա­գոյն փու­լը մտան Ռիա­տի ու ա­նոր դաշ­նա­կից տէ­րու­թեանց տա­րի մը ա­ռաջ Եէ­մէ­նի մէջ շղթա­յա­զեր­ծած «զսպու­մի փո­թո­րի­կ­»ը կո­չե­ցեալ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թե­նէն ան­մի­ջապ­էս ետք: Ռիատ ան­հան­գիստ ըլ­լա­լով Եէ­մէ­նի մէջ շիի հու­սի­նե­րու շար­ժում­նե­րէն, հանգ­րուան­նե­րը կ­­՚այ­րէր ու բաց պա­տե­րազ­մի մը կը մտնէր: Տե­ղի ու­նե­ցած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին քա­ղա­քա­ցիա­կան ծանր կո­րուստ­ներ գրան­ցուե­ցան ու ցայ­սօր ալ հու­սի զի­նեալ­նե­րը, ո­րոնք ա­պաս­տա­նած են երկ­րի լեռ­նա­յին ա­նա­ռիկ բնա­կա­վայ­րե­րուն մէջ, մնա­ցին անդր­դուե­լի: Ա­ւե­լի՛ն, ա­նոնք ա­պա­ւի­նե­լով ռու­սա­կան ար­դիա­կան զէն­քե­րուն, կրցան ծանր հա­րուած տալ ո՛չ միայն Նա­խա­գահ Ապ­տըլ Հա­տի Ալ Ման­սու­րի ու­ժե­րուն, այլ նաեւ հա­րուա­ծել Եէ­մէ­նի տար­բեր շրջան­նե­րը հա­սած ա­րա­բա­կան դա­շին­քի ու­ժե­րը: Այս զար­գա­ցում­նե­րուն ֆո­նին վրայ էր նաեւ, որ «Հիզ­պուլ­լահ»ի ա­ռա­ջին քար­տու­ղար Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա յա­կա­նէ ա­նուա­նէ կը քննա­դա­տէր Ռիատն ու ա­նոր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը: Ե­ղած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը ան­նա­խա­դէպ էին ի­րենց բուռն ո­ճով: Շիի աշ­խար­հի հա­մար մա­հու­կե­նաց խնդիր էր Եէ­մէ­նի մէջ սկիզբ ա­ռած պա­տե­րազ­մը: Թեհ­րան իր բո­լոր գոր­ծիք­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով կը փոր­ձէր դէմ դնել Եէ­մէ­նի մէջ իր դիր­քե­րու տկա­րա­ց­­ման հա­մար սկիզբ ա­ռած պա­տե­րազ­մին: Ի­րօք տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ոչ թէ միայն հու­սի­նե­րու դիր­քե­րը տկա­րաց­նե­լու հա­մար կռիւ մըն էր, այլ Ռիատ կ­­՚ու­զէր ան­մի­ջա­կան պատ­գամ­ներ յղել Թեհ­րա­նին:

Եէ­մէ­նի պա­տե­րազ­մին մա­սին եր­կար մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը կա­տա­րե­լը օգ­տա­կար է հասկ­նա­լու հա­մար, թէ Ռիա­տի կող­մէ այս օ­րե­րուն «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ ե­ղած ար­շա­ւը հիմ­նուած է ո՛չ միայն Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի կող­մէ ար­ձա­կուած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն վրայ, այլ ա­նոր հա­մար, որ «Հիզ­պուլ­լահ» տար­բեր բնոյ­թի ուղ­ղա­կի մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով կը մաս­նակ­ցի թէ՛ Սու­րիոյ եւ թէ Ի­րա­քի ու Եէ­մէ­նի պա­տե­րազմ­նե­րուն:

Ռիատ այ­սօր ոչ-նա­խան­ձե­լի ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ է: Սու­րիոյ մէջ ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցած ա­ռա­ջարկ­նե­րը կը զար­նուին Մոս­կուա­յի պա­տե­րուն ու բա­ցի ան­կէ ե­ւրո­պա­կան ըն­տա­նի­քը ա­ռա­ջուան նման թու­թա­կի նման չի կրկներ Ռիա­տի կող­մէ Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռաց­ման ան­տե­ղի­տա­լիու­թեան մա­սին հնչե­ցուած խօս­քե­րը: Սու­րիա­կան գետ­նի վրայ ա­մէն անց­նող օ­րուան հետ Ռիատ ա­ւե­լիով պի­տի խրուի ա­ւա­զին մէջ: Այն­քան ա­տեն, որ թա­գա­ւո­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ չեն կրնար ի­րո­ղա­պէս վեր­լու­ծել Ո­ւա­շինկ­թըն-Մոս­կուա հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հիմ­քով ըն­թա­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րը, սիւն­նի աշ­խար­հի տէ­րե­րը կրնան տու­ժել բո­լոր գե­տին­նե­րու վրայ:

Կի­րա­կի, Մար­տի 6-ի ե­րե­կո­յեան իր ար­տա­սա­նած խօս­քով «Հիզ­պուլ­լահ»ի ա­ռաջ­նոր­դը կը յայ­տա­րա­րէր, որ Ռիա­տի կող­մէ «ֆորս մա­ժէօ­ր­»ա­յին հան­գա­մանք ու­նե­ցող բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը ար­դիւնք են պար­տուա­ծու­թեան զգա­ցում­նե­րու: Լի­բա­նա­նեան շիի հա­մայն­քի թիւ մէկ ա­ռաջ­նոր­դը, որ այ­սօր դար­ձած է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կա­րե­ւոր խա­ղա­ցող­նե­րէն մին, կը հա­ւա­տայ, որ Եէ­մէ­նի ու Սու­րիոյ մէջ իր կու­սակ­ցու­թեան («Հիզ­պուլ­լահ») ը­րած զի­նուո­րա­կան միջ­ամ­տու­թիւն­նե­րը կը բխին Լի­բա­նա­նի ընդ­հա­նուր շա­հե­րէն: Ճիշդ է նաեւ, որ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան գե­տի­նը կի­սուած է այս կե­ցուածք­նե­րուն շուրջ: Ու Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քին գրե­թէ կէ­սը «Հիզ­պուլ­լահ»էն կը պա­հան­ջէ ա­րա­գօ­րէն դուրս գալ սու­րիա­կան ճա­հիճ­նե­րէն:

Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ հա­կա­ռակ Սու­րիոյ մէջ սաստ­կա­ցած պա­տե­րազ­մին, Լի­բա­նան տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով հե­ռու մնաց պա­տե­րազ­մա­կան նոր դաշ­տի մը վե­րա­ծուե­լու վտանգ­նե­րէն: Ա­պա­հո­վու­թեան պահ­պան­ման հա­մար կա­րե­ւոր ճի­գեր ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն, բայց եւ այն­պէս Սէու­տա­կան աշ­խար­հին կող­մէ «Հիզ­պուլ­լահ»ի դէմ ե­ղած գրո­հը եւ ներ­կայ հանգ­րուա­նին տնտե­սա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան «պա­տե­րազ­մ­»ով բա­ցուած այս հանգ­րուա­նը կրնայ շատ ա­ւե­լի ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ Լի­բա­նա­նի վրայ: Օ­րեր ա­ռաջ «Հիզ­պուլ­լահ»ի մօ­տիկ հա­մա­րուող կա­յա­նը լուր մը կը սփռէր այն մա­սին, թէ լի­բա­նան­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու Ո­ւա­շինկ­թըն տուած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնք մէ­կէ ա­ւե­լի ա­մե­րի­կա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէ զգու­շա­ցում­ներ լսած են, կա­պուած Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Լի­բա­նա­նին ու «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ ըլ­լա­լիք հա­ւա­նա­կան պա­տե­րազ­մէ մը: Ճիշդ է, որ նման լուր մը նո­րու­թիւն չէր լի­բա­նան­ցի­նե­րուն հա­մար, բայց եւ այն­պէս լու­րին թայ­մին­կը եւ ա­միս­ներ ա­ռաջ (միշտ ըստ նոյն կա­յա­նին) Գեր­մա­նիոյ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան գոր­ծիչ­նե­րու Պէյ­րու­թի հա­րա­ւա­յին ա­րուար­ձան («Հիզ­պուլ­լահ»ի գլխա­ւոր կեդ­րո­նա­տե­ղի, որ յայտ­նի է Տա­հի­յէ ա­նու­նով) տուած այ­ցը եւ «Հիզ­պուլ­լահ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ ա­նոնց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րը եւ զգու­շա­ցում­նե­րը ցոյց կու տան, որ Իս­րա­յէ­լի հետ լի­բա­նա­նեան ճա­կա­տը կրնայ ո­րե­ւէ պա­հու բռնկիլ: Բնա­կան է նաեւ, որ Իս­րա­յէլ, որ մտա­հոգ է «Հիզ­պուլ­լահ»ի Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին ու­նե­ցած մաս­նակ­ցու­թե­նէն, ու­րա­խու­թեամբ կ­­՚ըն­դու­նէր սիւն­նի աշ­խար­հին կող­մէ նոյն կու­սակ­ցու­թեան դէմ հնչած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն եւ որ­պէս «ա­հա­բե­կի­չ» ո­րա­կում­նե­րուն: Ու­րեմն շրջա­նին մէջ նոր ձե­ւա­ւո­րուող գոր­ծըն­թաց­նե­րը կրնան ո­րե­ւէ ա­տեն յօդս ցնդիլ, ե­թէ Իս­րա­յէլ պա­տե­րազ­մի մը սկսի վերջ­նա­կա­նա­պէս մաք­րե­լու հա­մար «Հիզ­պուլ­լահ»ի հետ իր հին հա­շի­ւը: Իս­րա­յէ­լա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի զի­նուո­րա­կան պա­տաս­խանա­տու­ներ կը խօ­սին ծանր եւ ա­նակն­կալ­նե­րով լե­ցուն պա­տե­րազ­մի մը մա­սին, որ իր հե­տա­ւանք­նե­րով պի­տի ըլ­լայ ան­նա­խըն­թաց: Ա­նոնք այս­քա­նը կը խոս­տա­նան ու կը մոռ­նան 2006 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մին դա­սե­րը: Ի­րենց կար­գին «Հիզ­պուլ­լահ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ո­րոնց հա­մար ներ­կայ հանգ­րուա­նը եւ քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան ա­ռում­նե­րով նուրբ փու­լե­րու մէջ են, եր­բեք պի­տի չհրա­ժա­րին խմել ի­րենց եր­կա­րած պա­տե­րազ­մի լե­ղի բա­ժա­կէն:

Տա­կա­ւին չեմ խօ­սիր Լի­բա­նան հաս­տա­տուած շուրջ 2 մի­լիոն գաղ­թա­կան­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սիւն­նի­ներ են եւ կը լրաց­նեն լա­րուած ու­ժա­նա­կի բո­լոր տուեալ­նե­րը:

Իս­րա­յէ­լա­ցի յայտ­նի զի­նուո­րա­կան վեր­լու­ծա­բան Ա­մուս Հաա­րէլ «Հաա­րէթ­ց» պար­բե­րա­կա­նին մէջ իր ստո­րագ­րած յօ­դուա­ծով դի­տել կու տայ, թէ այ­սօր Իս­րա­յէ­լի հա­մար թիւ մէկ պա­տու­հա­սը «Հիզ­պուլ­լահ»ն է: Հաա­րէլ նաեւ կը գրէ, որ «Հիզ­պուլ­լահ» հա­կա­ռակ ա­նոր, որ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին մասն­ակ­ցե­լով ծանր հա­րուած­ներ կրած է, բայց եւ այն­պէս տա­կա­ւին կը պա­հէ իր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը: Եւ­րո­պա­կան աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին, թէ «Հիզ­պուլ­լահ» Սու­րիոյ մէջ տուած է 1300 զո­հեր եւ շուրջ 5 հա­զար վի­րա­ւո­րեալ­ներ, սա­կայն խմբա­ւո­րու­մը ու­նի 41 հա­զար զի­նեալ­ներ, ո­րոնց 21 հա­զա­րը «օ­րի­նա­կա­ն» զի­նուոր­ներ են: «Հիզ­պուլ­լահ»ի ա­մե­նէն կա­րե­ւոր զի­նուո­րա­կան գրա­ւը, ա­նոր ու­նե­ցած հրթի­ռա­յին հա­մա­կարգն է, ո­րուն մի­ջո­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը 2006 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ահ ու սար­սա­փի մատ­նեց Լի­բա­նա­նի մերձ իս­րա­յէ­լեան հիւ­սի­սա­յին հա­տուած­նե­րը: կը խօ­սուի, որ իր հա­զա­րա­նոց հրթի­ռա­յին «շտե­մա­րա­ն­»էն զատ կու­սակ­ցու­թիւ­նը յա­ջո­ղած է մի քա­նի ա­ռիթ­նե­րով ռու­սա­կան ար­դիա­կան հրթիռ­ներ Սու­րիա­յէն Լի­բա­նան փո­խադ­րել: Այս ե­րե­ւոյ­թին դի­մաց ան­հան­գիստ Իս­րա­յէլ փոր­ձեց քա­նի մը օ­դա­յին գրոհ­ներ կա­տա­րե­լով կա­սեց­նել զէն­քե­րու փո­խադ­րու­թիւ­նը, բայց եւ այն­պէս, նոյ­նիսկ ռուս մաս­նա­գէտ­ներ կը խօ­սին, որ «Հիզ­պուլ­լահ» յա­ջո­ղած է իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նե­նալ «SI 22» տի­պի հրթիռ­ներ, ո­րոնք ուժ ու­նին զի­նուո­րա­կան ո­րե­ւէ ընդ­հա­րու­մի պա­րա­գա­յին հա­ւա­սա­րակ­շռու­թիւն­նե­րու նոր ըն­թացք մը մէջ­տեղ բե­րել:

Այս մթնո­լոր­տին մէջ է, որ այ­սօր կը բարձ­րա­ձայ­նուի, թէ ար­դեօք Իս­րա­յէլ նոր պա­տե­րազ­մի մը պի­տի սկսի՞ Լի­բա­նա­նի դէմ: Հար­ցու­մը կը լսուի տար­բեր կող­մե­րէ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ բո­լոր խա­ղա­ցող­նե­րը լաւ գի­տեն, թէ ո­րե­ւէ պա­տե­րազմ պի­տի չլու­ծէ «Հիզ­պուլ­լահ»-Իս­րա­յէլ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, այլ ա­ւե­լիով պի­տի բար­դաց­նէ ա­ռանց այդ մէ­կուն ալ ա­րեան մէջ լո­ղա­ցող Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016