ԲՈՒՌՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիա-Ուք­րայ­նա Բարձր մա­կար­դա­կով ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի հին­գե­րորդ ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հրա­ւէ­րով՝ այս առ­թիւ Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ փու­թաց Թուր­քիա։ Ծա­նօթ է, որ թէ՛ Թուր­քիա եւ թէ Ուք­րայ­նա ներ­կա­յիս լուրջ լա­րուա­ծու­թիւն­ներ կ՚ապ­րին Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Այս հան­գա­ման­քը, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, բնո­րո­շեց այս ժո­ղո­վին եւ այ­ցե­լու­թեան մթնո­լոր­տը։

Էր­տո­ղան Պէշ­թէ­փէի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով դի­մա­ւո­րեց իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, գլխա­ւո­րե­ցին ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը եւ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Ան­գա­րա­յէն ե­րէկ հնչե­ցին Մոս­կուա­յին ուղ­ղեալ խիստ ազ­դա­րա­րու­թիւն­ներ։ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ Թուր­քիա չէ ճանչ­ցած Խրի­մի ա­պօ­րի­նի բռնակ­ցու­մը ու պի­տի չճանչ­նայ։ «Ռու­սաս­տան կ­­՚ը­սէ, թէ Սու­րիա մուտք գոր­ծած է այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան հրա­ւէ­րով։ Ար­դեօք Ուք­րայ­նա ո­րո՞ւ հրա­ւէ­րով մտաք», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, որ Խրի­մի բռնակ­ցու­մը չի տե­ղա­ւո­րուիր մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ։ «Տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է. զօ­րա­ւոր եմ՝ ու­րեմն ար­դար եմ», ա­ւել­ցուց Էր­տո­ղան ու շեշ­տեց, որ այս պա­րա­գա­յին ար­դա­րու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ  պաշտ­պա­նել Ուք­րայ­նոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, նե­րա­ռեալ Խրի­մը։ Ան կա­րե­ւո­րեց նաեւ ընդ­հան­րա­պէս Սեւ ծո­վեան ա­ւա­զա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, Ան­գա­րա-Քիեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն տար­րե­րէն մին է՝ Խրի­մի թա­թար­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը։

Իր կար­գին Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիոյ եւ Ուք­րայ­նոյ միաս­նա­բար ձեռ­նա­մուխ ե­ղած ծրա­գիր­նե­րը կը հա­մա­րուին փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան խորհր­դան­շա­նը։ Ան հա­մո­զուած է, որ Ռու­սաս­տա­նի վար­կած­նե­րը չեն կրնար ա­պա­հո­վել խա­ղա­ղու­թիւն, հե­տե­ւա­բար ճնշում­նե­րը պէտք է սաստ­կաց­նել ա­նոր վրայ։

Ըստ Փո­րո­շեն­քո­յի, սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ե­րաշ­խա­ւո­րուած նա­խա­գա­հա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով՝ պատ­րաստ է Մոս­կուա­յի հետ փո­խա­նակ­ման շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հաս­նիլ ուք­րա­նա­ցի ե­րես­փո­խան եւ օ­դա­չու Նա­տէյ­տա Սաւ­չեն­քո­յի պա­րա­գա­յին։ Ան ներ­կա­յիս հա­ցա­դու­լի մէջ կը գտնուի ռու­սա­կան բան­տէն ներս։ Հիւր ղե­կա­վա­րը տե­ղե­կա­ցուց, որ իր հրա­հան­գով՝ Ուք­րայ­նոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Փա­ւէլ Քլիմ­քին այս հար­ցին շուրջ շփման մէջ կը գտնուի Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016