ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։ Այս առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Էրտողանին կ՚ընկերանան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպէքճի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ մօտաւոր անցեալին ծագած ճգնաժամի յաղթահարման զուգահեռ՝ վերջին եօթ ամսուան ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները այսօր կ՚իրականացնեն իրենց չորրորդ տեսակցութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Էրտողանի այցելութեան ընդառաջ Մոսկուայի մէջ շփումներ ունեցաւ նաեւ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու։
Մոսկուայի այսօրուան բանակցութիւնները ունին ծանրաբեռնուած օրակարգ մը։ Երկկողմանի յարաբերութիւնները խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին իրենց բոլոր երեսակներով։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ գլխաւորութեամբ այն տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն շուրջ, որոնք մաս կը կազմեն Անգարայի եւ Մոսկուայի համատեղ օրակարգին։
Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ մանրամասնօրէն պիտի շօշափուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի եւ մնացեալ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարը կը գտնուի կողմերու ուշադրութեան կիզակէտին։ Երկու երկիրներու նախագահներուն գլխաւորութեամբ աչքէ կ՚անցուին Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքը, ինչպէս նաեւ Ռաքքայի ազատագրման համար նախատեսուած գործողութիւններուն պատրաստութիւնները։
Բաց աստի, ռազմաարդիւնաբերական համագործակցութեան տեսանկիւնէն ալ կարեւոր ծրագրերու շուրջ պիտի բանակցին երկու կողմերը։ Արդարեւ, Թուրքիա կը ծրագրէ Ռուսաստանէն S-400 հրթիռային համակարգեր ապահովել։ Փորձագիտութեան փոխանցման եւ կամ համատեղ արտադրութեան տարբերակները կը քննարկուին նախագահներուն գլխաւորութեամբ։
Ի լրումն այս բոլորին Թուրքիա-Ռուսաստան տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներն ալ Մոսկուայի մէջ կու գան օրակարգի վրայ։ Այսօրուան ժողովներուն ընդառաջ, երէկ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Այս առթիւ ռուս վարչապետը տեղեկացուց, որ ջնջուած են սահմանափակումները Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիայէն արտածուած շարք մը գիւղատնտեսական արտադրութիւններու պարագային։ Այսօրուան քննարկումներուն ընթացքին ալ Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիոյ դէմ հաստատուած բռնամիջոցներու ամբողջութեամբ ջնջուելուն վերաբերեալ խնդիրներ կը քըն-նարկուին։ Բաց աստի, կը նախատեսուի երկու երկիրներու միջեւ նոր համաձայնագրերու ստորագրումը։
Գործարար աշխարհը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Մոսկուայի այսօրուան բանակցութիւններուն։ Արդարեւ, քաղաքական կլիման թէեւ փոխուած է եւ կողմերը քաղաքական կամք կը ցուցաբերեն տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու համար, սակայն գիւղատնտեսութեան եւ թեքսթիլի ոլորտներուն մէջ առկայ են հարցականներ։ Ռուսական կողմը կը նախատեսէ մինչեւ 2020 թուականը նուազեցնել Թուրքիայէն ներածումները այս երկու բնագաւառներու պարագային։ Վերջին շրջաններուն ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ յայտարարութիւններ ըրած են այս ուղղութեամբ։ Հետեւաբար, այսօրուան բանակցութիւններուն տնտեսական երեսակը կը ներկայացնէ չափազանց կարեւորութիւն։