ԲԱԶՄԱԴԱՐԵԱՆ ԿԱՊԵՐ
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Այս առաւօտ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երկու նախարարներուն հանդիպումը։ Հիւր նախարարը երէկ օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ։ Ան այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Կարէն Կարապետեան Նիքոս Քոցիասը հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, որ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ բարձր մակարդակի մը վրայ։ Հայկական կողմը շահագրգռուած է զանոնք ա՛լ աւելի աշխուժացնել ու նոր որակ մը հաղորդել անոնց։ Վարչապետը մասնաւորապէս կարեւորեց տնտեսական կապերու զարգացումը։ Արդարեւ, այդ ոլորտէն ներս ընելիք շատ բան կայ եւ ներուժը շատ աւելին է, ներկայիս օգտագործուածին բաղդատմամբ։ Ան ողջունելի համարեց միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստան-Յունաստան համագործակցութիւնը եւ միջազգային օրակարգի բազմաթիւ հարցերու պարագային մօտացումներու համընկնումը։
Քոցիասն ալ ուրախութիւն յայտնեց այցելելով բարեկամ Հայաստան։ Ան փոխանցեց Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի ջերմ ողջոյնները։ «Մենք միշտ եղած ենք եղբայր ազգեր։ Իմ այցը ունի մէկ նպատակ՝ պէտք է ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութիւն», ըսաւ Քոցիաս։ Բարձր գնահատելով Երեւան-Աթէնք քաղաքական երկխօսութիւնը՝ հիւր նախարարի համակարծիք գտնուեցաւ, որ տնտեսական յարաբերութիւնները չեն գտնուիր համապատասխան մակարդակի մը վրայ եւ անհրաժեշտ է խտացեալ աշխատանք տանիլ անոնց համաչափ զարգացում ապահովելու ուղղութեամբ։ Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով տնտեսական գործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք մասնաւորապէս կարեւորեցին տնտեսական, արդիւնաբերական եւ գիտաթեքնիկ համագործակցութեան ուղղեալ միջկառավարական յանձնաժողովի աշխոյժ աշխատանքը։ Կողմերը քննարկեցին նաեւ գործարար համաժողովի մը կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։ Կարէն Կարապետեան առաջարկեց յստակեցնել այն ոլորտները, որոնք կրնան ներդրումային փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնել երկու երկիրներու գործարարներուն համար։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։
Հիւր նախարարը երէկ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու բարեկամական բազմադարեան յարաբերութիւններուն, որոնք ամուր հիմք կը հանդիսանան այսօր երկու երկիրներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը Քոցիասին ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներու եղբայրական կապերուն։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ շնորհիւ այդ սերտ համագործակցութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները Յունաստանի զանազան համալսարաններէն ներս կը ստանան իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը։
Իր կարգին, Քոցիասն ալ խօսեցաւ ժողովուրդներու կեանքէն ներս եկեղեցիներու կարեւոր առաքելութեան մասին։ Իր խօսքերով, եկեղեցին կարեւոր ծառայութիւն կ՚իրականացնէ՝ նպաստելով հասարակութեան մէջ ազգային ինքնութեան եւ բարոյական արժէքներու պահպանութեան, հանդուրժողականութեան, համերաշխութեան եւ լաւատեսութեան ոգիի սերմանման եւ մարդկութեան ապահով կեանքի տեսլականի ձեւաւորման։
Վեհափառ Հայրապետը եւ հիւր նախարարը կանգ առին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ ցաւալի վիճակին վրայ։
Հանդիպման ներկայ էին Հայաստանի Ազգային գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Քոցիասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան անդամները։