ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Թիֆլիզի «Ռետիսըն պլու»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի զոհերու յիշատակին նուիրուած երեկոյ:
Ձեռնարկը սկսաւ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի հոգեհանգստեան աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհերուն յիշատակը: Այնուհետեւ օրուան հաղորդավարներ Լիզա Թորոսեան եւ Միքայէլ Աւագեան հայերէն եւ վրացերէն լեզուներով ներկայացուցին Վրաստանի հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ երկրի ղեկավարներուն ուղղուած նամակը՝ Վրաստանի բազմազգ բնակչութեան խաղաղ համակեցութեան վնասող քայլերը կանխարգիլելու դիմումով:
Ելոյթներով հանդէս եկան՝ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Արթուր Սարգիսեան, «Վրաստանի հայ համայնք» կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Մկրտիչեան, Վիրահայերու միութեան համակարգող Մարի Առաքելովա, Վրաստանի Խաղաղութեան հիմնադրամի նախագահ Կիորկի Թովմասեան, որոնք տարբեր լեզուներով անդրադարձան պատահած դէպքերուն, ներկայացուցին միջազգային քաղաքագէտներու եւ լրատուամիջոցներու արձագանգը հայկական ջարդերուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ սումկայիթեան դէպքերու մասին տեսերիզ մը: