Չորեքշաբթի 20, Նոյեմբեր 2024
ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ այսօր ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ՝ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Վարդան Տողանեան։
Հարկ է նշել, որ վերջին տարիներուն դեսպանի պաշտօնը կը վարէր Օլէկ Եսայեան, որ անցեալի մէջ եղած էր Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ։ Դեսպան Եսայեան վերջերս հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ անմիջապէս նշանակուեցաւ իր յաջորդը։ Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած Օլէկ Եսայեանի հրաժարականի պատճառներուն շուրջ։
Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017