ՊԷՅԼԻՔՏԻՒԶԻՒԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՆԿՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒՂՂԱԹԻՌ ՄԸ

Իս­թան­պու­լի մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ օ­դա­յին ար­կած մը։ Այս­պէս, Պէյ­լիք­տիւ­զի­ւի մօ­տա­կայ­քին ան­կում կրեց ուղ­ղա­թիռ մը։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ՝ ուղ­ղա­թի­ռի աշ­տա­րա­կի մը բա­խուե­լուն հե­տե­ւան­քով։ Հրշէջ այդ ուղ­ղա­թի­ռը ին­կաւ TÜYAP-ի Պէյ­լիք­տիւ­զի­ւի ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րի մեր­ձա­կայ­քին։

«Sikorsky S-76» տի­պի ուղ­ղա­թի­ռին մէջ, ըստ տե­ղա­կան մա­մու­լի են­թադ­րու­թիւն­նե­րուն, կը գտնուէր եօթ հո­գի։

Ժա­մը 11.21-ին պա­տա­հե­ցաւ այս ար­կա­ծը։ Անկում կրած ուղ­ղա­թի­ռը կը պատ­կա­նէր «Էճ­զա­ճը­պա­շը» խմբա­կին։ Օ­դա­չուն էր Ա­լէատ­տին Նա­ճար։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017