ԿՆՃՌՈՏ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս Նիսի տագնապը կը շարունակուի նորանոր դրսեւորումներով։ Թէեւ մօտաւոր անցեալին կարգ մը դրական հաւանականութիւններ եկած էին օրակարգի վրայ, սակայն յուսախաբութիւնը դժբախտագար չուշացաւ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը վերջին թիւին մէջ արձագանգ հանդիսացած է Նիսի վերաբերեալ նոր խնդիրներու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ տուեալները։

Հակառակ անոր որ Ֆրանսայի Առաքելական թեմին կողմէ հաշտութեան գործընթաց մը յայտարարուած է ընդառաջելով Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութեան կոչին, որ անցեալ տարի ցանկութիւն յայտնած էր վերամիանալու թեմական կառոյցին, այսուհանդերձ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը արգելք հանդիսացած է թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ, Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի իր բնակարանը՝ եկեղեցւոյ հով-ւատունը մտնելուն, առանց նախապէս զինք զգուշացնելու կըղ-պանքը փոխած ըլլալով. հանած են նաեւ նամակատուփը։

Այս բոլորը Մարտ 7-ին յայտնաբերած է Տ. Գրիգոր եւ անմիջապէս դիմած է դատարան՝ առաջնահերթ դատական հետապնդումի (référé) համար, որպէսզի վերահաստատուի իր բը-նակարանը ազատ մուտք ունենալու իրաւունքը։

Երկու անգամ՝ 2012-ին եւ 2015-ին Նիսի դատարանի մեծ ատեանը վճիռ արձակած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան դէմ, մերժելով հովուատունէն տեղւոյն հոգեւոր հովիւը վտարելու անոր դիմումը։

Մարտ 7-ին, ժամը 20-ի շուրջ Նիսի շրջանէն բազմաթիւ հայրենակիցներ հաւաքուած են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ, առաջնորդական փոխանորդին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար։

Անհասկնալի են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութիւնները. հակառակ ցարդ կատարուած կոչերուն, յայտարարութիւններուն, հաշտութեան համար անոր արտակարգ ընդհանուր ժողովին կողմէ Ֆրանսայի թեմական կառոյցին վերամիանալու որոշումին, ան դարձեալ կը դրժէ ինքզինք եւ կ՚ուզէ վտարել առաջնորդական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Խաչատրեանը իր բնակարանէն։

Տ. Գրիգոր Խաչատրեանի կարծիքով՝ եղածը պարզապէս չարութիւն մըն է, որ նախապէս տարուած աշխատանքները ձախողեցնելու նպատակ կը հետապնդէ։ Անցեալ Զատկուան ալ հակասելով ինքն իրեն, Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը փիլոնազուրկ հոգեւորական՝ Մոսկուայի նախկին առաջնորդը հրաւիրեց պատարագելու։ Ըստ երեւոյթին՝ վարչութիւնը պառակտուած է. կան միացումին կողմնակիցներ եւ կան անոնք, որոնք կը ցանկան թեմէն բոլորովին անկախ մնալ։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018