ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԾԱՌՈՒՂԻ

Մարտ 8-ի Համաշխարհային կանանց օրը այս տարի բնորոշուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւնով մը, որ միեւնոյն ժամանակ ձեռքբերում մը կը նշանակէ հայ մշակոյթին տեսակէտէ։ Այսպէս, Փարիզի մէջ ծառուղի մը վերանուանուեցաւ՝ Զապէլ Եսայեանի անունով։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան եւ ֆրանսահայ համայնքէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Ըստ «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, Մարտ 8-ին՝ Կիներու իրաւունքներու նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ, Փարիզի 20-րդ եւ 11-րդ թաղամասերը իրարու կապող Մենիլմոնթան պողոտայի ծառուղին անուանուեցաւ Զապէլ Եսայեան։ Թախծոտ անձրեւը չանհանգստացուց հարիւրաւոր ներկաները, որոնք շտապած էին ներկայ գտնուելու այս յուզիչ արարողութեան, ուր խօսք առին 11-րդի 20-րդի թաղապետերը եւ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Իտալկօ։ Լեւոն Քէչէեան, որ տարիներէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու գործը, շատ դիպուկ կերպով անդրադարձաւ անոր կրկնակի դաժան ճակատագրին՝ առաջին անգամ ապրած ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան արհաւիրքը եւ երկրորդ՝ Սովետական կուլակները, ուր ալ մահացած է անծանօթ պարագաներու մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018