ՆՈՐՈՎԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ միօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պրիւքսել, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, Էրտողան օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆան տեր Լէյէնի հետ։ Սա ամենաբարձր մակարդակի վրայ նորովի երկխօսութիւն մը եղաւ Անգարայի եւ Պրիւքսելի միջեւ։ Կողմերը երկար ժամանակէ ի վեր անհաղորդ վիճակի մէջ կը գտնուէին զանազան տարակարծութիւններու հետեւանքով։ Այժմ Անգարա եւ Պրիւքսել կը նախատեսեն նոր թափ մը տալ իրենց համագործակցութեան։ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ յառաջիկայ շրջանին պիտի խտանան բազմակողմանի շփումները։ Այս ամբողջին մէջ աշխատանքային խումբ մը պիտի ստեղծուի՝ գաղթականաց վերաբերեալ առկայ հարցերու յաղթահարման առաջադրութեամբ։ Էրտողանի, Միշելի եւ Ֆան տեր Լէյէնի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած երէկուան հանդիպումէն վերջ շեշտուեցաւ, որ կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը պիտի վերակենդանացուի։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը համոզուած է, թէ կողմերը ունին տարակարծութիւններ, սա բնական երեւոյթ մըն է եւ կարեւորը այդ բոլորին շուրջ խօսիլն է։ Թուրքիա եւ ԵՄ, որոնք այս շրջանին ամուր երկխօսութեան մը հետամուտ կ՚ըլլան, որոշեցին, որ վերոյիշեալ աշխատանքային խումբը գլխաւորեն՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։ Այս յանձնաժողովի նպատակներէն մին պիտի ըլլայ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի դիրքորոշումները ներդաշնակ վիճակի մը բերել։ Յառաջիկայ շփումները ղեկավարներու եւ նախարարներու մակարդակին վրայ յառաջ պիտի տարուին։

Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ եւ ի մասնաւորի Իտլիպի իրադարձութիւններու լոյսին տակ քննարկուեցան գաղթականաց վերաբերեալ հարցերը։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ նիւթերու շուրջ։

Միւս կողմէ, Էրտողան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիոյ Սուրիոյ սահմանը միեւնոյն ժամանակ ՆԱԹՕ-ի սահման մըն է։ Թուրքիա ԻՇԻՊ-ի դէմ կռուած եւ նահատակներ տուած միակ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրն է։ «Մենք կ՚ակնկալենք մեր բոլոր դաշնակիցներու շօշափելի զօրակցութիւնը», ըսաւ Էրտողան։ Պրիւքսելի մէջ նախագահը ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «ՆԱԹՕ կը գտնուի նուրբ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ յստակօրէն պէտք է արտայայտէ Թուրքիոյ հետ իր դաշնակցային զօրակցութիւնը»։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա կը հիւրընկալէ 3.6 միլիոն սուրիացի ապաստանեալ եւ այս պայքարը մեծ զոհողութիւններով կը մղէ առանձին։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020