ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ԹՈՒՐՔԻԱ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Թուրքիա կը ժամանէ՝ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Կը նախատեսուի, որ նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր երեկոյեան հասնի Անթալիա, ուրկէ ան հրաժեշտ պիտի առնէ շաբաթ, օրուան երկրորդ կէսին։

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը պաշտօնապէս պիտի բացուի վաղը։ Բացման լիագումար նիստին ժամանակ ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Ֆորումի ծրագրին վրայ շաբաթ օր մասնաւոր քննարկում մը նախատեսուած է Հարաւային Կովկասի մասին։

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը միջազգային հարթութեան վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ քանի պատերազմական իրավիճակի մէջ այստեղ նախատեսուած է, որ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու մէկտեղէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպան։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022