ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի կողմէ։ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Փարիզ մեկնած էր մասնակցելու համար «Յաւակնութիւններ՝ Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրեալ համաժողովին։ Թէ՛ Փաշինեան եւ թէ Մաքրոն ելոյթներով հանդէս եկան այս համաժողովին ժամանակ։ Իսկ համաժողովէն առաջ անոնք մէկտեղուեցան Էլիզէի պալատին մէջ, ուր քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը։ Փաշինեան այս առթիւ անթոյլատրելի նկատեց մթնոլորտը լարելու ուղղեալ իւրաքանչիւր փորձ։ Ան դիտել տուաւ, որ թէ՛ Արցախի մէջ եւ թէ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին օրերու դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է զոհ մը եւ վիրաւոր մը։ Զրուցակից ղեկավարները կարեւորեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս եւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացումը։ Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան նաեւ միջազգային ասպարէզի զանազան գործընթացներուն։

«Յաւակնութիւններ՝ Հայաստան-Ֆրանսա» համաժողովի ամփոփիչ լիագումար նիստին ժամանակ Փաշինեան եւ Մաքրոն կարեւոր պատգամներ տուին հայ-ֆրանսական համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։ Ֆրանսայի կառավարութեան նախարարական համաժողովներու կեդրոնէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթով, միեւնոյն ժամանակ, նշուեցաւ Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանը։ Փաշինեան այս փուլին ալ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին ու վերահաստատեց Հայաստանի բարձր գնահատականը Ֆրանսայի նկատմամբ՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ կարեւոր դերակատարութեան համար, որով հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս միւս համանախագահներու հետ միջնորդական ջանքերը թոյլ կու տան խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանէն ներս եւ կը նպաստեն հաղորդակցութեան ուղիներու բացման ու տնտեսական համագործակցութեան խթանման։

Ըստ Փաշինեանի, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ, ինչպէս նաեւ առկայ համաշխարհային մարտահրաւէրներու համատեսքին մէջ, Հայաստան ներկայիս կենսական կարիքն ունի իր տնտեսութիւնը ամրապնդելու, նոր շունչ հաղորդելու իր տնտեսական քաղաքականութեան՝ ներառեալ ներդրումային նոր ծրագրերու ներգրաւումը։

Միւս կողմէ, Փաշինեան Փարիզի մէջ անպաշտօն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ, որ նոյնպէս կ՚այցելէր Ֆրանսայի մայրաքաղաքը։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս Ֆրանսա կը հանդիսանայ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան օրակարգային զանազան հարցերուն շուրջ։ Փաշինեան եւ Միշել անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին։ Փաշինեան այս զրոյցի ժամանակ ալ անթոյլատրելի համարեց Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային ասպարէզի գործընթացներուն շուրջ։ Շարլ Միշելի հետ զրոյցով աւարտին հասաւ Փաշինեանի դէպի Փարիզ ուղեւորութեան ծրագիրը։ Վարչապետը կեցութեան ընթացքին յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ անմոռանալի երգիչ եւ Հայաստանի Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի շիրմին, ուր թողուց ծաղիկներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022