«ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ»

Այսօր Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Ապագայ հայկականը» համաժողովը։ Կիրակի պիտի եզրափակուին աշխատանքները, որոնք նախատեսուած են «Ապագայ հայկականը» նախագծի շրջանակներուն մէջ։ Համահայկական նոր քաղաքացիական խորհուրդ մը ստեղծելու ուղղեալ նախագիծ մըն է այս մէկը։ Նախաձեռնութիւնը յառաջ կը տարուի համանուն հիմնադրամին կողմէ, որու գործադիր տնօրէնը՝ Արտակ Ապիտոնեան եւ կարգ մը կազմակերպիչներ երէկ Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Երեւանի համաժողովը կը համախմբէ 200 մասնակից՝ Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Արցախէն։ Արցախէն ընտրուած մասնակիցներուն թիւը 10 է եւ անոնցմէ 7-ը շրջափակման հետեւանքով հնարաւորութիւն պիտի չունենան մասնակցելու համաժողովին։ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Ռուբէն Վարդանեան եւս հասկնալի պատճառներով պիտի չկարողանայ մասնակցիլ այս համաժողովին։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ապիտոնեան նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը ձեւաւորուած է տակաւին 2021 թուականին եւ մշակուած է 15 համահայկական նպատակ։ Այսօրուան առաջին համաժողովին տեւողութեան այդ նպատակներէն 3-ը կը գտնուին լուսարձակի տակ։ Անոնք են՝ Հայաստան-սփիւռք միասնութիւնը, պատմական պատասխանատուութիւնը եւ բնակչութեան աճը։ Համաժողովի ընթացքին մասնակիցները կ՚ուսումնասիրեն առկայ մարտահրաւէրները եւ զարգացման հաւանական բեմագրութիւնները՝ ուրուագծելու համար խնդիրներու լուծման ուղղութիւնները եւ անոնց արդիւնքին ընդունելու համար առաջարկներու թղթածրար մը։ Արտակ Ապիտոնեան յայտնեց, որ աւելի քան 100 հայազգի մասնագէտ հինգ ամիսէ ի վեր աշխատած է փորձագիտական յանձնախումբերու մէջ։ Ձեւաւորուած վերջնական բեմագրութիւններն ու ծրագրերը պիտի դրուին «Ապագայ հայկականը»ի համաժողովի քննարկման։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ կարեւոր է թոյլ չտալ ազգային ինքնութեան հիմքերու ոչնչացման։ Նորին սրբազնութեան խօսքով՝ փորձագիտական խումբի բոլոր անդամները հասկցած են, թէ ցեղասպանութիւնը՝ որպէս պատմական պատասխանատուութեան հարց, առաջին գիծի վրայ է։ Ան, սակայն, համոզուած է, թէ կարեւոր են նոր մօտեցումները։ «Պէտք է ազատուիլ զոհի հոգեբանական վիճակէն, ինչ որ թոյլ չի տար մարդուն օգտագործել իր ամբողջ ներուժը։ Կարեւոր հարց դարձած է նաեւ ցեղասպանութեան նշանակութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար։ Նուազ կարեւոր չէ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը, սփիւռքահայերու մերձեցումը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, հայոց լեզուին հաղորդակից ըլլալը», նշեց Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ աւելցուց, որ ուշադրութեան կեդրոնացումը ո՛չ թէ հայերու միջեւ տարբերութիւններուն վրայ պէտք է ըլլայ, այլ պէտք է շեշտադրուին միաւորող գործօնները։ «Սա է գլխաւոր խնդիրներէն մին», ըսաւ Պարսամեան։

Ասուլիսի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ նախաձեռնարկ հիմնադրամի փորձագիտական կողմիտէի ղեկավարը՝ յայտնի լրագրող Արամ Աբրահամեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերեալ դժգոհութիւնները յաղթահարելու միակ միջոցն է՝ ընդհանուր շահերու ուսումնասիրումը։ «Անհրաժեշտ են հաստատութենական լուծումներ՝ ուղղուած երկարաժամկէտ հեռանկարին», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ սփիւռքը Հայաստանին կրնայ օգնել ո՛չ միայն գումարով, այլեւ իր փորձառութեամբ։ «Միւս կողմէ, կարեւոր է սփիւռքի խնդիրներուն լուծումը՝ ներառեալ կրթութեան, հայոց լեզուի իմացութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերը։ Այստեղ արդէն Հայաստան կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել սփիւռքին», եզրափակեց Արամ Աբրահամեան։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023