ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճան կը շարունակէ լարուածութիւն հրահրել եւ անընդհատ տեղի տալ հրաձգութիւններու եւ նոր սադրանքներու։ Մինչ շուրջ երեք ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքը կը մնայ փակ, Ատրպէյճան վերջին օրերուն արդէն դարձեալ զինեալ յարձակումներ իրականացուցած է Արցախի մէջ եւ Հայաստանի դէմ։ Շաբաթավերջին Արցախի մէջ պատահած արիւնալի դէպքերէն վերջ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ ալ հերթական անգամ թիրախաւորեցին Հայաստանի սահմանները։ Այսպէս, երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի բանակը տարբեր տրամաչափէ հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացաւ Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ դէպքին հետեւանքով հայկական կողմը կորուստ մը չէ ունեցած։ Ժամը 20.00-ի դրութեամբ առաջնագիծին վրայ իրադրութիւնը արդէն յարաբերականօրէն կայուն էր։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Լաչինի միջանցքին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Լաչինի եւ ընդհանուր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման ուղիներու որոնումը կը շարունակուի»։ Ըստ Զախարովայի, համապատասխան շփումներ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին մասնակցութեամբ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ։ Բանբերը այս կապակցութեամբ այլ մանրամասնութիւններ չներկայացուց։

«Մոսկուա կը շեշտէ Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ եռակողմանի համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ ներառեալ Լաչինի միջանցքի օգտագործման վերաբերեալ դրոյթները», ըսաւ ան։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ հնչեցուած նոր սպառնալիքներու վերաբերեալ հարցումին՝ Մարիա Զախարովա ըսաւ. «Որեւէ կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը անարդիւնաւէտ է եւ չի կրնար նպաստել խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման։ Մեր մեկնակէտն է, որ Պաքու եւ Երեւան պէտք է խստօրէն պահպանեն ամենաբարձր մակարդակով եռակողմանի համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան եւ Լաչինի միջանցքի օգտագործման վերաբերեալ եղածները։ Ներկայ լարուածութեան թուլացումը պիտի նպաստէ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնման Երեւանի աշխոյժ մասնակցութեան։ Մենք բաւական յստակ ըսինք եւ հարկ կը համարենք բացատրել, որ Հարաւային Կովկասի մէջ արեւմտեան միջնորդութեան պարագային չենք տեսներ որեւէ յաւելեալ արժէք, այլ կը տեսնենք յաւելեալ սպառնալիք հաշտութեան գործընթացին դէմ»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կառավարութեան ժողովի սկիզբին անդրադարձաւ Արցախի վերջին դէպքերուն եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նիստի սկիզբին վարչապետը ըսաւ. «Ատրպէյճանի հերթական սադրանքներու, գործողութիւններու համատեսքին մէջ աւելի ու աւելի հրատապ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք անյապաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը»։

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միւնիխի մէջ ընդունած էր, որ գոյութիւն ունի միջազգային պայմանաւորուածութիւն, որով իրենք պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեն անոնց իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերը։ Այս համայնապատկերին վրայ վարչապետը համոզուած է, թէ մարտի 5-ի ահաբեկչութիւնով Ատրպէյճան քանի մը նպատակ կը հետապնդէ։ «Բանակցութիւններու վիժեցում, Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ զէնք-զինամթերք տեղափոխելու մասին կեղծ ապացոյցներու ստեղծում եւ նոր խօսոյթներու ու տեղեկատուութեան հոսքի ձեւաւորում, որպէսզի թաքցնէ, որ Ատրպէյճան բացայայտօրէն չի կատարեր Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռը՝ Լաչինի միջանցքը բանալու վերաբերեալ», ըսաւ վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հետ ապագայ բանակցութիւններու վիժեցումն ու ռազմական սադրանքի համար անհրաժեշտ ֆոնի ստեղծումը այս փուլին Պաքուի կողմէ հետապնդուած նպատակներու շարքին են։ «Այս առումով պէտք է ընդգծեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ արտայայտելով պատասխանատուութիւն շարունակելու խօսակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ։ Շատ չափազանց կարեւոր յայտարարութիւն մըն է։ Կը կարծեմ՝ անհրաժեշտ է միջազգային յուսալի դրութիւններ ստեղծել, որպէսզի Պաքու-Ստեփանակերտ անխափան եւ հաստատութենական խօսակցութիւն տեղի ունենայ եւ այս մէկը վերը յիշատակուած միջազգային պայմանաւորուածութեան իրացման արդիւնաւէտ երաշխիքը կրնայ դառնալ», աւելցուց Փաշինեան։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Միջազգային դատարանը շեշտած էր, թէ իր վճիռը պարտադիր իրաւական ուժ կը յառաջացնէ Ատրպէյճանի տեսակէտէ։ «Եւ ահա այս որոշումը 15 օրէ ի վեր չի կատարուիր եւ սա բացառապէս Ատրպէյճանի պատասխանատուութիւնն է։ Տակաւին հակառակը, Ատրպէյճան կ՚երթայ նորանոր սադրանքներու՝ իրադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ա՛լ աւելի սրելու համար», շեշտեց Փաշինեան։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023