ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐԱՏՊՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՆԱԽԿԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Երեւանի Գրատպութեան թանգարանէն ներս կը ներկայացուին Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Ղալաթիա եւ Բերա թաղամասերու նախկին խմբագրատուներէն դրուագներ։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի Գրատպութեան թանգարանը կը գործէ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հովանաւորութեան ներքեւ։ Երկու կառոյցները արդէն մայրաքաղաքի կեդրոնին՝ նոյն համալիրէն ներս կը գտնուին։ Գրատպութեան թանգարանը ստեղծուած է վերջին տարիներուն, սակայն, կարճ ժամանակի մէջ յաջողած է բաւական ուշադրութիւն գրաւել եւ թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ քաղաք այցելածներուն տեսակէտէ հետաքրքրական ժամադրավայր մը դարձած է։ Գրատպութեան թանգարանի երդիքին տակ կը ներկայացուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երբեմնի խմբագրատուներէն իսկապէս պատմական դրուագներ, որոնք նկարահանուած են աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի կողմէ։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի այս վերջին հրապարակումներուն մէջ ալ յատկապէս շեշտուած է, թէ այդ դրուագները կը պատկանին Արա Կիւլէրի ոսպնեակին։

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ հայ մամլոյ նահապետը կը համարուի, Երեւանի Գրատպութեան թանգարանէն ներս ունի արդէն իր առանձնայատուկ տեղը։ Այդ ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած դրուագները, որոնք իրենց արժէքով տարբեր հարթութեան մը վրայ կը դնեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին վերապահուած բաժինը։ Հարկ է յիշեցնել, որ լուսահոգի Արա Կիւլէրի առաջին լուսանկարներն ալ տասնամեակներ առաջ լոյս տեսած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023