ԻՆՉԻ՞ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑԻԼ

Մարտի 5-ին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումը աւելի բորբոքեց մարդասիրական աղէտի ենթարկուած Արցախի բնակչութիւնը։ Ատրպէյճանի «խաղաղ բնապահպան»ներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման էջը դեռ չփակուած զինեալ յարձակումը ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու հաւանականութիւնը բարձրացուց։ Վարչապետ Փաշինեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան վերջին շրջանին յաճախ միջազգային ամպիոններէ հնչեցուցին նման գործողութեան հաւանականութիւնը։ Բարեբախտաբար, Ատրպէյճանի յարձակումը չմնաց անպատասխան։ Ինչպէս անցեալ սեպտեմբերի 13-ին Հայաստանի վրայ յարձակումի պարագային, այնպէս ալ Արցախի վրայ անակնկալ յարձակումին՝ արցախցիները հակադարձեցին եւ ռուսերն են, որ Ատրպէյճանի փրկութեան հասան։

ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ Արցախի ապաշրջափակման վերաբերեալ վճիռը չգործադրուած՝ այս զինեալ յարձակումը կը վկայէ Արցախի բնակչութիւնը ռազմական միջոցներով բնաջնջելու կամ բռնի գաղթի ենթարկելու Ատրպէյճանի հեռանկարին մասին։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Պլինքընի հետ եռակողմանի հանդիպումէն ետք նման ռազմական զարգացում կը փաստէ նաեւ, որ Ատրպէյճան ունի հաստատ երաշխիքներ անպատիժ մնալու թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Ռուսաստանի կողմէ։

2022-ին Ռուսաստան կը գտնուէր իր հզօրութեան գագաթնակէտին։ Խրիմը առանց պատերազմի գրաւած, Սուրիոյ, Լիպիոյ մէջ յաղթանակներ արձանագրած ռազմական գերտէրութիւն էր։ Այս յաղթանակներէն գինովցած՝ Փութին անցաւ իր ռուսական մեծ երազի իրագործումին՝ Ռուսական կայսրութեան վերստեղծման։ Հարաւային Կովկասէն դուրս շպրտեց Արեւմուտքը՝ Թուրքիոյ հետ դաշնակցելով. յաղթական Ատրպէյճանին պարտադրեց 9 նոյեմբերի հրադադարը եւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի մուտքը Արցախ։ Ատրպէյճանը, Արցախը եւ Հայաստանը այսպէս ինքզինքին ենթարկելէ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները Ալիեւի բերնով վարկաբեկելէ ետք, անցաւ Ուքրայնայի արեւմտամէտ իշխանութեան գլխատումին։ Եթէ Արեւմուտքը հակազդած ըլլար Արցախի պատերազմին Ալիեւի գործած մարդկային իրաւունքներու բոլոր ոտնակոխումներուն, դատապարտած ըլլար պատերազմական ոճիրները, հետամուտ եղած ըլլար յարգել տալու Մինսքեան խմբակի կարեւորագոյն երեք սկզբունքներէն «բռնի ուժի բացառում»ը, Ռուսաստան վստահաբար նոյն յանդգնութեամբ պիտի չնետուէր Ուքրայնայի պատերազմի մեծ արկածախնդրութեան մէջ։

Ներկայիս, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը բախի բռնատէրերու կողմէ պատմական կայսրութիւնները վերակառուցելու արշաւանքին։ Փութին կ՚ուզէ Ռուսական կայսրութեան վերակերտումը, (…), Ալիեւ՝ իբր թէ «արեւմտեան Զանգեզուր»ի եւ «արեւմտեան Ատրպէյճան»ի վերանուաճումը, Իսրայէլ՝ մեծն Իսրայէլը… Մարդու իրաւանց պաշտպան Արեւմուտքն ալ զերծ չէ նման յաւակնութիւններէ՝ մա՛նաւանդ ԱՄՆ, որ ՆԱԹՕ-ի միջոցաւ կը փորձէ երկրագունդի հզօրագոյն պետութեան իր դիրքը ամրապնդել։

Արցախի գոյապայքարը, սակայն, առարկայօրէն կը հանդիսանայ ազատագրական, ինքնորոշման պայքար, հազարամեակներու իր հողին վրայ վերապրելու արդար իրաւունք։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին՝ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հասցէին Ալիեւի խիստ ամբաստանութիւններուն յաջորդեց անոր պաշտօնազրկումը, որմէ ետք Ատրպէյճան-Արցախ բանակցութիւնները վերսկսան ռուսական կողմին միջնորդութեամբ։ Սակայն, այդ բանակցութիւնները առաջնորդեցին Արցախի երեք ոստիկաններու սպանութեան եւ մէկուն ծանր վիրաւորման՝ Ատրպէյճանի զինեալ յարձակման պատճառով։ Ռուս խաղաղապահներու կրաւորականութիւնը եւ արեւմտեան երկիրներու նոյնքան կրաւորական հակազդեցութիւնները կը խանգարեն բանակցային գործընթացով որեւէ լուծում։ Իբր այլընտրանք կը մնայ ինքնապաշտպանութիւնը։ Արցախի նախագահի յայտարարութիւնն ալ կը յուշէ՝ բանակցիլ միայն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման շուրջ։

ԺԻԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023