ԷԹԻԷՆ ՄԱՀՉՈՒՊԵԱՆ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ա­ւագ խորհր­դա­կան Է­թիէն Մահչու­պեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ «CNN Türk» հե­ռուս­տա­կա­յա­նէն։ Հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դա­վար Շի­րին Փայ­զը­նի հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով՝ Է­թիէն Մահ­չու­պեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ը­րաւ Թուր­քիոյ ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գի շարք մը հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Այս շրջագ­ծով ան անդ­րա­դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցին, նաեւ հայաշ­խար­հի տե­սան­կիւ­նէն հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու։

Շի­րին Փայ­զըն Մահ­չու­պեա­նին հարց տուաւ, թէ հա­ւա­նա­կան կը նկա՞­տէ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին նոր զար­գաց­ման մը ապ­րուի­լը։ Ար­դա­րեւ, այս տա­րի Չա­նաք­քա­լէի ո­գե­կո­չում­ներն ալ կը զու­գա­դի­պին նոյն թուա­կա­նին, իսկ ան­ցեալ տա­րի Էր­տո­ղա­նի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած ցա­ւակ­ցա­կան պատ­գա­մին վե­րագրուած էր լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ի պա­տաս­խան Է­թիէն Մահ­չու­պեան ը­սած է, թէ բնա­կա­նա­բար ներ­կա­յիս առ­կայ են ակն­կա­լու­թիւն­ներ։ Կան­խա­տե­սում­նե­րը այն­պէս էին, որ 2015-ը բա­խում­նե­րու տա­րի մը պի­տի ըլ­լար, սա­կայն այդ­պէս չի պա­տա­հիր։ «Մի­թէ կա՞ն պատ­րաս­տու­թիւն­ներ, մի­թէ կրնա՞ն պա­տա­հիլ տա­րածք­ներ ընդ­լայ­նե­լու ի զօ­րու զար­գա­ցում­ներ. այս պա­հուն չենք գի­տեր։ Սա քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում մըն է ու ներ­կա­յիս յստա­կօ­րէն չենք կրնար գիտ­նալ, թէ ինչ­պէս պի­տի զար­գա­նայ», ը­սաւ Է­թիէն Մահ­չու­պեան եւ ա­ւել­ցուց, որ հայ­կա­կան Սփիւռ­քի դիր­քո­րոշ­ման մէջ կը նկա­տէ մեղ­մա­ցում։ Իր դի­տար­կում­նե­րով, ա­րա­գօ­րէն ըն­թացք մը կայ դէ­պի բնա­կա­նո­նա­ցում, սա­կայն այդ բնա­կա­նո­նա­ցու­մը մշա­կու­թա­յին հար­թու­թեան վրայ պի­տի ապ­րուի ու թէ­կուզ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի յա­ջոր­դէ ա­նոր։

Է­թիէն Մահ­չու­պեան մեկ­նա­բա­նեց ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ Մար­գար Է­սաեա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուե­լու հան­գա­ման­քը։ Հա­մա­պա­տաս­խան հարց­ման ի պա­տաս­խան ան ը­սաւ. «Մի­թէ կա՞յ Մար­գար Է­սաեա­նէն ա­ւե­լի յար­մար ա­նուն մը»։ Մահ­չու­պեան յի­շե­ցուց, որ ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րե­լու նա­խընտ­րու­թիւ­նը կ՚օգ­տա­գոր­ծեն այս ան­գամ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա այն­պի­սի շե­մի մը հա­սած է, որ այ­լեւս ոչ-մահ­մե­տա­կան­նե­րը տեղ պէտք է առ­նեն խորհր­դա­րա­նին մէջ։ «Սա միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յաչս Ա­րեւմ­ուտ­քին լաւ տեսք մըն է։ Մնաց որ, հա­յե­րը մար­դիկ են, ո­րոնք կը գտնուին փո­ղո­ցին մէջ եւ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս կրնաք հան­դի­պիլ ա­նոնց։ Շատ բնա­կան է, որ այս ե­րե­ւոյ­թը կ՚ու­նե­նայ իր անդ­րա­դար­ձը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նին վրայ», ը­սաւ Է­թիէն Մահ­չու­պեան։

Շի­րին Փայ­զըն Մահ­չու­պեա­նին հարց տուաւ նաեւ, թէ ին­չո՞ւ ինք չէ գտնուած ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու շար­քին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Մահ­չու­պեան պա­տաս­խա­նեց, թէ ինք Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ ե­կած է իր զբա­ղե­ցու­ցած դիր­քը։ Կարգ մը մար­դիկ կրնան ա­ւե­լի օգ­տա­կար, ար­դիւ­նա­ւէտ ըլ­լալ խորհր­դա­րա­նէն դուրս եւ ըստ ի­րեն ինքն ալ կրնայ դա­սուիլ այդ­պի­սի­նե­րու շար­քին։ Բաց աս­տի, Է­թիէն Մահ­չու­պեան ա­ւել­ցուց, թէ շարք մը շփում­ներ յա­ռաջ կը տա­նի Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Եւ­րո­պա­յէ ներս շփման մէջ է մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ դի­ւա­նա­կա­լա­կան շրջա­նակ­նե­րէ դէմ­քե­րու հետ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015