ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հռոմ կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իտալիոյ Նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի կողմէ։ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ հիւրընկալուեցաւ Իտալիոյ Խորհրդարանի նախագահ Լաուրա Պոլտրինիի, Ծերակոյտի նախագահ Փիեթրօ Կրասսոյի եւ Պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթիի կողմէ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը օրուան տեւողութեան ծաղկե-պըսակ մըն ալ զետեղեց անծանօթ զինուորի շիրմին, նաեւ մէկտեղուեցաւ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Ժոզէ Կրացիանօ Տա Սիլվայի հետ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերճիօ Մաթարելլայի հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ այցելութիւնը պիտի նպաստէ հետագայ երկխօսութեան եւ հայ-իտալական օրակարգի ապագայ ընդլայնման։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ իր յագեցած օրակարգով պաշտօնական այցելութիւնը նոր խթան մը պիտի հաղորդէ հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւններուն։
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ քսան տարիէ քիչ մը աւելի պատմութիւն ունին դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք զարգացած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման ոգիով, նշանաւորուած բազմաթիւ կարեւոր ձեռքբերումներով։ Նախագահները պատահական չնկատեցին այս երեւոյթը եւ ընդգծեցին, թէ հայ-իտալական սերտ կապերու հիմքին կը գտնուին երկու ժողովուրդներու պատմական սերտ առընչութիւններն ու նոյնակունք քրիստոնէական արժէքային համակարգը։ Երկու նախագահները կարեւորեցին, որ վերջին տարիներուն ընթացքին զգալիօրէն աշխուժացած է երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը։ Ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափին մէջ, այնպէս ալ Եւրոմիութեան շրջանակներէն ներս ի զօրու է այս երեւոյթը։ Յառաջընթաց արձանագրուած է փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Երկկողմանի համագործակցութեան կայուն զարգացման համատեսքին մէջ կարեւորուեցաւ նաեւ այն հանգամանքը, որ կողմերու միջեւ ցարդ աւելի քան երեք տասնեակ փաստաթուղթեր ստորագրուած են։
Նախագահները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։ Իտալիոյ նախագահը նշեց, որ իր երկիրը այս հարցի պարագային ունի խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ դիրքորոշում մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ յառաջ տարուած գործընթացին շրջանակներէն ներս՝ հիմնուած հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ։ Մաթարելլա միեւնոյն ժամանակ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամակցելէ վերջ Հայաստան կը շարունակէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղեալ քայլերը։ Ըստ իրեն, այդ անդամակցութիւնը նաեւ նոր հեռանկարներ կը ստեղծէ Հայաստան-Իտալիա յարաբերութիւններու զարգացման համար։
Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան, նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին շուրջ։
Սերճիօ Մաթարելլա պաշտօնական ճաշկերոյթով մըն ալ մեծարեց Սերժ Սարգսեանը։
Հռոմի բանակցութիւններուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանի կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթիի հետ զրուցելու ժամանակ եւս կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Այս հանդիպման զուգահեռ Սերժ Սարգսեան եւ Ռոպերթա Փինոթի մասնակցեցան Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս կազմակերպուած տեսաքոնֆերանսին, որ իրականացուեցաւ Լիբանանի մէջ, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղապահ գործողութիւն իրականացնող հայ եւ իտալացի զինուորներուն հետ։
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ ռազմական ոլորտէ ներս ստորագրուած երկկողմանի համագործակցութեան համաձայնագրի շրջանակներէն ներս գործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։ Սարգսեան եւ Փինոթի կարեւորեցին այն հանգամանքը, թէ ռազմական բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը չի սահմանափակուիր երկկողմանի ձեւաչափով ու կ՚ընդգրկէ նաեւ խաղաղապահութեան ոլորտը։ Առաջին միջազգային առաքելութիւնը, որուն տակաւին 2004 թուականին միացած էր Հայաստան, ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահ առաքելութիւնն էր Քոսովայի մէջ։ Յաջորդեցին Աֆղանիստանի եւ Իրաքի առաքելութիւնները։
Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Երեւանի եւ Հռոմի յարաբերութիւններուն մէջ ռազմական համագործակցութիւնը ունի իր իւրայատուկ տեղը։
Իտալիոյ ծերակոյտի եւ խորհրդարանի նախագահներուն հետ զրուցելու ժամանակ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հիասքանչ Հռոմը Հայաստանի համար բարեկամ պետութեան մը մայրաքաղաքը ըլլալու առընթեր կը համարուի տարածքաշրջանի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին։ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց իր արտասահմանեան այցելութիւններու շրջանակներէն ներս օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարներուն հետ հանդիպումները։ Ըստ իրեն, ժամանակն է, որպէսզի նոր մակարդակի բարձ-րացուին նաեւ հայ-իտալական միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը՝ մանաւանդ, որ այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները։ Հայ-իտալական բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ միջխորհրդարանական կապերը վաղուց ունին իրենց հաստատուն տեղը եւ այս առումով վառ ապացոյց մըն է երկու խորհրդարաններէ ներս բարեկամութեան խումբերուն գոյութիւնը։
Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան ընթրեց իտալացի խորհրդարանականներու հետ եւ այս ընթրիքին ընթացքին ալ հանդէս եկաւ բաժակաճառով մը։
Միւս կողմէ, հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հռոմի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ թռիչքներու վերստին հաստատման նիւթը։