ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

 ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Ի­կոր Փո­փով տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան­ցեալ Փետ­րուա­րին կա­յա­ցած ի­րենց այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ միջ­նորդ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սին կամ Յու­նի­սին վերս­տին պի­տի այ­ցե­լեն տա­րած­քաշր­ջան։ Յա­ռա­ջի­կա­յին նա­խա­տե­սուած քննար­կում­նե­րէն վերջ յայտ­նի պի­տի դառ­նայ ու­ղե­ւո­րու­թեան ճշգրիտ ժամ­կէ­տը։ Ռուս դի­ւա­նա­գէ­տը ընդգ­ծեց, որ ի­րենք ներ­կա­յիս կ՚աշ­խա­տին Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հեր­թա­կան հան­դիպ­ման հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գը նա­խա­պատ­րաս­տե­լու վրայ։ Ըստ ի­րեն, մինչ այդ պէտք է կազ­մա­կեր­պուի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մի­ջեւ հան­դի­պում մը՝ որ­պէս­զի քննար­կուին այն հար­ցե­րը, ո­րոնք պէտք է ներ­կա­յա­ցուին նա­խա­գահ­նե­րու քննարկ­ման։ Այս բո­լոր խնդիր­նե­րը պի­տի շօ­շա­փուին նաեւ յա­ջորդ ա­միս նա­խա­տե­սուած հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։

Ի­կոր Փո­փով միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թեան սրման կա­պակ­ցու­թեամբ եւ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի կող­մե­րը հե­տե­ւին հրա­դա­դա­րին։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նած էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փը փո­խե­լու ուղ­ղեալ Ատր­պէյ­ճա­նի ջան­քե­րը չեն յան­գեց­ներ հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015