Բա­ցում՝ Վե­րա­նո­րո­գուած Ցու­ցաս­րա­հի

Նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ձե­ռամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի, Դա­րա­շամ­բի Ս. Ստե­փա­նոս Նա­խավ­կայ վան­քին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Ա­րաք­սի ա­զատ գօ­տիի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գուած ցու­ցաս­րա­հին:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը վե­րա­նո­րո­գուած ցու­ցաս­րա­հի մուտ­քի դրան ժա­պա­ւէ­նը կտրե­լով՝ հիւ­րե­րուն հետ մուտք գոր­ծեց սրահ, որ յա­տուկ լու­սա­ւո­րու­թեան սար­քե­րով օժ­տուած էր ցու­ցադ­րուած պատ­կեր­նե­րուն կամ ի­րե­րուն վրայ լոյս ցո­լաց­նե­լու նպա­տա­կով:

Ի­րա­նի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պահ­պան­ման պե­տա­կան հիմ­նար­կի տնօ­րէն եւ շի­նա­րա­րա­կան սոյն աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կար­գող Շեր­լի Ա­ւե­տեան ներ­կա­նե­րուն բա­ցատ­րու­թիւն տուաւ աշ­խա­տան­քի սկզբնա­ւո­րու­թեան եւ ա­ւար­տին, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­գայ հե­ռան­կար­նե­րուն մա­սին: Այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին պա­տե­րուն վրայ զե­տե­ղուած լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նէին վան­քին տար­բեր մա­սե­րը՝ օ­րուան տար­բեր ժա­մե­րուն: Ներ­կայ ա­րուես­տա­գէտ լու­սան­կա­րիչ­նե­րէն ո­մանք ան­ձամբ բա­ցատ­րու­թիւն տուին ի­րենց լու­սան­կար­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց շար­քին՝ թաւ­րի­զա­հայ Կա­րօ Ջոր­ջեան:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը բարձր գնա­հա­տեց վան­քի նախ­կին ա­խո­ռը ար­դիա­կան ցու­ցաս­րա­հի վե­րա­ծե­լու Շեր­լի Ա­ւե­տեա­նի ծրա­գիրն ու ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տան­քը, մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ պա­տե­րուն հնու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու բծախն­դիր մօ­տե­ցու­մը եւ վայ­րը ա­ռա­ւել եւս գրա­ւիչ ու վա­յե­լուչ դարձ­նե­լու ա­նոնց նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը: Բաց­ման հան­դի­սու­թե­նէն ետք վան­քի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սի­րոյ սե­ղա­նի ըն­թաց­քին Սրբա­զան Հայ­րը իր գնա­հա­տանքն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­րաք­սի ա­զատ գօ­տիի ղե­կա­վա­րու­թեան, որ Ս. Ստե­փա­նոս Նա­խավ­կայ վան­քի, Հո­վուի մա­տու­ռի եւ Դա­րա­շամ­բի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ հո­գա­ծու վե­րա­բե­րում ցոյց կու տայ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017