ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երէկ պաշտօնապէս ամփոփեց խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը։ «Արմէնփրէս» հաղորդումներով, քուէարկութեան վերջին արդիւնքի ամփոփման զուգահեռ՝ յայտնի դարձաւ նաեւ, թէ նուազագոյն պատնէշը յաղթահարած չորս կուսակցութիւնները քանի՛ աթոռ պիտի զբաղեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), որ առաջին կարգի վրայ դուրս եկած էր ընտրութիւններէն, նորընտիր խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 58 երեսփոխան։ «Ծառուկեան» դաշինքը պիտի ունենայ 31 պատգամաւոր, «ԵԼՔ» դաշինքը՝ 9 պատգամաւոր եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) 7 պատգամաւոր։