ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ՔՈՆԻԱՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նադ­րամ»ը Հա­յաս­տա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին հետ հա­մա­տեղ Մա­յի­սի 7-ին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ «Քո­նիա­քի փա­ռա­տօն», որ տեղի կ՚ունենայ Հա­յաս­տանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հովանաւորութեան ներքոյ։ Փա­ռա­տօ­նին նպա­­տակն է հայ­կա­կան քո­նիա­քի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման բարձ­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ա­ւան­դա­կան եւ նոր շու­կա­նե­րու մէջ ա­նոր հան­րայ­նա­ցու­մը: Կը նա­խա­տե­սուի, որ սոյն ձեռնարկին մաս­նակ­ցի քո­նիա­քա­գոր­ծու­թեամբ զբա­ղող երեսուն ըն­կե­րու­թիւն:

Ըստ «Քո­նիա­քի փա­ռա­տօն»ի ծրագ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­րա Խզմա­լեա­նի, նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը զբօ­սաշր­ջու­թեան խթան­ման նա­խա­պայ­ման են: Ա­նոր խօս­քով, վեր­ջերս Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի զբօ­սաշրջա­յին ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նող շնոր­հան­դէս, ո­րուն նպա­տակն էր բարձ­րաց­նել Հա­յաս­տա­նի ճա­նա­չե­լիու­թիւ­նը եւ խթա­նել զբօ­սաշր­ջա­յին ար­դիւն­քը: Մի­ջո­ցառ­ման ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած է հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցա­յին մշա­կոյ­թը, կազ­մա­կեր­պուած է ու­տեստ­նե­րու եւ ո­գե­լից խմիչք­նե­րու համ­տես:

«Զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նադ­րամ»ի նա­խա­գահ Տիգ­րան Կա­րա­պե­տեան ը­սած է, որ քո­նիա­քա­գոր­ծու­թիւ­նը այն ո­լորտ­նե­րէն մին է, որ իս­կա­պէս կրնայ հե­տաքրք­րել զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը, ո­րոնք կու գան Հա­յաս­տան, կը ծա­նօ­թա­նան թէ՛ երկ­րին եւ թէ հայ­կա­կան քո­նիա­քի ա­ւան­դոյթ­նե­րուն: «Մենք կը սպա­սենք մեծ թի­ւով զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու՝ յատ­կա­պէս Ռու­սաս­տա­նէն, քա­նի որ Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ի­րենց ներ­քին անձ­նա­գիր­նե­րով կրնան գալ Հա­յաս­տան: Փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­կան շու­կան Ռու­սաս­տանն է, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, կ՚ակն­կա­լուի, որ փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցի շուրջ քսան­հինգ հա­զար հո­գի», ը­սած է ան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017