ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցուե­ցաւ «Աս­տուա­ծա­մայ­րը հայ­կա­կան պատ­կե­րա­քան­դակ­նե­րու մէջ» լու­սան­կար­չա­կան ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Աս­տուա­ծա­մօր պաշ­տա­մուն­քի պատ­մա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուած ար­տա­ցո­լում­նե­րը վաղ քրիս­տո­նէա­կան շրջա­նէն մին­չեւ 18-րդ դար: Ցու­ցա­հան­դէ­սին կը ներ­կա­յա­ցուին՝ «Աս­տուա­ծա­մայ­րը ման­կան հետ» պատ­կե­րա­քան­դակ­նե­րու դրուագ­ներ վաղ միջ­նա­դա­րեան քա­ռա­նիստ կո­թող­նե­րէն, խաչ­քա­րե­րէ, ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ,  «Օ­դի­գիտ­րիա»ի պատ­կե­րագ­րու­թեան դրուագ­ներ (Դուին 5-6-րդ դա­րեր, Օ­ձու­նի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի 6-7-րդ դա­րեր), «Դեի­սուս»ի («Բա­րե­խօ­սու­թեան»( դա­սա­կան պատ­կե­րա­քան­դա­կի դրուագ­ներ (Կե­չա­ռի­սի վանք 1280-ա­կան թթ., Վա­յոց ձո­րի Սպի­տա­կա­ւոր Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ե­ռա­քան­դակ 13-րդ դար),  քա­ռա­նիստ կո­թո­ղի սիւն, 4-5-րդ դա­րեր, Կարմ­րա­քար, Շի­րակ: Լու­սան­կար­նե­րուն հե­ղի­նակ­ներն են Հրայր Բա­զէ Խա­չե­րեան, Վռամ Յա­կո­բեան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017