Ս. ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ԳՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Ս. Զատկի տօնի սեմին «Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները շաբաթավերջին կազմակերպեցին գրքի համատեղ տօնավաճառ մը։ Կալաթասարայի Այա Փանայա յունաց եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ այս տօնավաճառը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Հարկ է նշել, որ «Իսթոս» հրատարակչութիւնը յունական հրատարակութիւններ կը կատարէ եւ «Արաս»ի նման առաքելութիւն մը ունի՝ լայն հասարակութեան փոքրամասնական մշակոյթ ներկայացնելու առումով։
Երկու հրատարակչատուներն ալ այցելու գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրին ճոխ տեսականի մը։ Անոնց գիրքերը հերթական անգամ առարկայ դարձան մօտիկ հետաքրքրութեան եւ գրասէրները Ս. Զատկի տօնի սեմին գիրքեր գնեցին՝ նուիրելու համար իրենց սիրելիներուն։