Չորեքշաբթի 20, Նոյեմբեր 2024
Ս. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
Խրուաթիոյ Սփլիտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրամարտի առաջնութիւնը։ Շաբաթավերջին այս մրցաշարքին շրջագծով Հայաստան ապահովեց ոսկէ մետայլ մը։ 105 քիլօկրամ ծանրութեան դասաւորման մէջ ծանրաբարձր Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Ան ունեցաւ «414 քիլօկրամ» արդիւնք (184+230)։ Սիմոն Մարտիրոսեանին յաջորդեցին պուլկար եւ լեհ ծանրաբարձները։
Հայաստանի հաւաքականէն Գոռ Մինասեան Սփլիտի մէջ ապահովեց արծաթէ մետայլ, իսկ Ռուբէն Ալեքսանեան՝ պրոնզէ մետայլ։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017